Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումին Համաձայն Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Կատարելու Միակ Լուրջ Միջոցը Ընտրական Օրէնքն Է
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ կէսօրէ ետք Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:
Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ համախմբումին համաձայն, ընտրական օրէնքը միակ լուրջ միջոցն է երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու:
Ան շեշտեց, որ դէպի խորհրդարան ուղղուելու ակնարկութիւն չկատարող որեւէ յայտարարութիւն պարզապէս օդին մէջ արձակուած խօսք է, «իսկ երկրին ժողովրդավարութեան եւ իշխանափոխութեան նախանձախնդիր եղող կողմերը պէտք է ուղղուին խորհրդարան», նշեց ան:
«Ինչպէ՞ս ոմանք հաստատութենական պետութեան մասին կը խօսին` միաժամանակ խորհրդարան իրենց ուղղուիլը պոյքոթի ենթարկելով», հարց տուաւ Քանաան` աւելցնելով, որ բոլոր այն պլոքները, որոնք կեցուածք յայտարարած են, հրաւիրուած են ներկայանալու խորհրդարան եւ հոն արտայայտելու իրենց կեցուածքը` քուէարկելով ընտրական օրինագիծերուն:
Ան նշեց, որ համախմբումին համաձայն, այս սկզբունքները խզող որեւէ կողմ կ՛ամբաստանուի երեսփոխանական ընտրութիւնները խոչընդոտելու յանցանքով:

