«Ընտրական Օրէնքին Վաւերացումէն Ետք Վեց Ամսուան Կարիքը Կայ Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պատրաստելու» Շեշտեց Մարուան Շարպել

Հրաժարեալ կառավարութեան ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ այցելեց ներքին ապահովութեան ուժերու կեդրոնը, ուրկէ կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ յայտնեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերու կառոյցը պետութեան ողնաշարը կը կազմէ` աւելցնելով, որ ապահովութեան ուժերը ունին վարչական, զինուորական ու դատական իրաւասութիւններ եւ այդ կառոյցին մէջ տակաւին կան պատասխանատուներ, որոնք կրնան պահպանել երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ ամրապնդել այդ հաստատութեան նկատմամբ լիբանանցիին վստահութիւնը:

Շարպել մաղթեց, որ ամէնէն արագ միջոցին կարելի ըլլայ կազմել կառավարութիւն մը, որպէսզի կարելի ըլլայ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւն մը ճշդել:

Մարուան Շարպել նաեւ հաստատեց, որ կառավարութեան հրաժարականով Լիբանանի մէջ կայունութիւն մը եւ խաղաղութիւն մը նկատառելի են` աւելցնելով, որ ընտրական նոր օրէնքի մը վաւերացումէն ետք է միայն, որ կարելի է ճշդել երեսփոխանական ընտրութիւններուն յետաձգման ժամկէտը:

Ան ընդգծեց, որ ընտրական օրէնքին վաւերացումէն ետք վեց ամսուան կարիքը կայ` երեսփոխանական ընտրութիւնները պատրաստելու: «Ընտրական օրէնքը կարելի է վաւերացնել միայն համախոհութեամբ, իսկ կառավարութեան կազմութիւնը իր կարգին կ՛իրագործուի լիբանանեան համախոհութեամբ», ըսաւ ան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES