Նախագահ Սլէյման Կառավարութիւնը Նիստի՞ Պիտի Հրաւիրէ
Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կը պատրաստուի յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին հրաժարեալ կառավարութիւնը հրաւիրել նիստի մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին երեսփոխանական ընտրութիւններուն յատուկ պատրաստութիւնները` հիմնուելով առկայ ընտրական օրէնքին վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ գործադրել սահմանադրութեամբ ճշդուած օրինական քայլերը:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարին, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող քաղաքական հարցերն ու տիրող ընդհանուր իրավիճակը:
Հանդիպումէն ետք Մքարիի տեղեկատու գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ նախագահ Սլէյմանի հետ իր հանդիպումին ընթացքին Մքարի շեշտած է, որ սկզբունքով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կ՛ուղղուին պահանջելու չէզոք կառավարութիւն մը, որ կը ստանձնէ երեսփոխանական ընտրութիւնները կազմակերպելու եւ գործադրելու աշխատանքը եւ որուն նախագահը, այսինքն` վարչապետը լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն կողմէ ընդունելի անձնաւորութիւն մը ըլլայ, ինչպէս նաեւ ըլլայ սիւննի համայնքին զարկերակը:
Հաղորդագրութեան համաձայն, Պաապտա ուղղուած է նախագահ Սլէյմանին ներկայացնելու Ս. Զատկուան առիթով իր շնորհաւորութիւնները եւ ողջունելու անոր ազգային կեցուածքները, որոնք կողմ են երկրին օրէնքին, սահմանադրութեան, Լիբանանի գերագոյն շահերուն եւ գերիշխանութեան:
Մքարի նախագահ Սլէյմանի յայտնած է նաեւ, որ յաջորդ կառավարութեան անդամ նախարարները պէտք չէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն թեկնածուներ ըլլան:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Պաալպեք – Հերմելի աշիրեթներուն մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Եասին Ժաաֆարի:
Քննարկուեցան Հիւսէյն Ժաաֆարի առեւանգումին վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սլէյման դատապարտեց ամէն տեսակի առեւանգումները (որոնց շարքին նաեւ Ուատի Խալետի մէջ կատարուած նախանցեալ օրուան առեւանգումը), որոնք լիբանանցիներուն վայել չեն` աւելցնելով, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի Հիւսէյն Ժաաֆարը ազատ արձակելու:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց Ազեզի մէջ լիբանանցի առեւանգեալներուն թղթածրարին վերաբերող հարցեր:


