Հայ Դատի Յանձնախումբը Ամերիկացի Քոնկրեսականներու Հետ Քննարկեց Հայ-Ամերիկեան Յարաբերութիւններու Առաջնահերթութիւնները
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Արեւելեան ափի գործադիր տնօրէն Միշել Յակոբեան Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում ունեցաւ քոնկրեսականներու հետ եւ քննարկեց Միացեալ Նահանգներու առաջնահերթութիւնները` կապուած Հայաստանի հետ: Հայ դատի յանձնախումբը «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան հաղորդեց, որ հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած է նաեւ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողական քաղաքականութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու մասնակցութեան վերջ տալու հարցը: «Այս հանդիպումները աւելի ամրապնդեցին Հայոց ցեղասպանութեան խնդիրի արդարացի լուծման անհրաժեշտութիւնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Վերջին երկու շաբթուան ընթացքին Յակոբեան հանդիպում ունեցաւ Նիւ Ճըրզիի, Փենսիլվանիոյ, Օհայոյի, Միշիկընի, Նիւ Եորքի, Ֆլորիտայի, Մասաչուսեցի եւ Ուիսքոնսընի նահանգներու օրէնսդիր գրասենեակներուն հետ` շարունակելով աշխուժացնել շփումները Արեւելեան շրջանի քոնկրեսականներուն հետ: Յակոբեան հանդիպումներուն ընթացքին կարեւոր նկատեց նաեւ այն դերը, որ Միացեալ Նահանգները կրնան ունենալ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման եւ Ազրպէյճանի հակահայկական յարձակման կասեցման գծով: Գործադիր տնօրէնը նաեւ քննարկեց Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանին յատկացուող օժանդակութեան հարցը` ներկայացնելով նախօրօք Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի օրէնսդիր գործերու տնօրէն Րաֆֆի Քարաքաշեանի կողմէ նախանշուած առեւտրական առաջնահերթութիւնները:


