Հայ Դատի Յանձնախումբը Միացեալ Նահանգներու Ելեւմուտքի Նախարարէն Կը Պահանջէ Հայաստանի Հետ Հարկային Նոր Համաձայնագիր Կնքել

Ճէյքըպ Լեու

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ղեկավար Քէն Խաչիկեան նամակով մը դիմեց Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նոր նշանակուած նախարար Ճէյքըպ Լեուին` խնդրելով վերատեսութեան ենթարկել նախագահ Օպամայի վարչակազմի վերաբերմունքը` կրկնակի հարկման խնդիրին շուրջ:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան տեղեկացուց, որ Խաչիկեան ընդգծեց Հայաստանի հետ կրկնակի հարկումէն խուսափելու նոր համաձայնագիր կնքելու անհրաժեշտութիւնը: Այդ մարզը կը կարգաւորուի 1973 թուականին Միացեալ Նահանգներու եւ Խորհրդային Միութեան միջեւ կնքուած համաձայնագիրով մը, որ երբեք չի համապատասխաներ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայիս տնտեսական յարաբերութիւններուն: Հայ դատի յանձնախումբը կը պնդէ, որ հարկային նոր համաձայնագիրը պիտի յաղթահարէ ամերիկացի ներդրողներու անորոշութիւնը հնարաւոր ծախսերու եւ նոր վտանգներու վերաբերեալ:

Ելեւմուտքի նախարարութեան հետ տարուող աշխատանքներուն զուգահեռ Հայ դատի յանձնախումբը կ՛աշխատի նաեւ Միացեալ Նահանգներու առաջնորդներու հետ շարք մը կարեւորագոյն տնտեսական հարցերուն շուրջ, ներառեալ` տնտեսական հարցերով հայ-ամերիկեան աշխատանքային խումբին, Առեւտուրի եւ ներդրումներու շրջանակային համաձայնագիրին (TIFA), Ընկերային ապահովութեան համաձայնագիրին, ապագայ առեւտրական մարմինի եւ առեւտուրի վիզաներու դիւրացման վերաբերող հարցեր:

Նախորդ ամիս Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան, Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպանատան եւ հայ-ամերիկեան համայնքի ներկայացուցիչները կլոր սեղանի շուրջ բանակցութիւններ վարեցին հայ-ամերիկեան առեւտրական երկկողմանի յարաբերութիւններու ընդլայնման շուրջ:

 

Share this Article
CATEGORIES