Գիւմրիի Մէջ Յովհաննէսեան Իշխանութիւններէն Պահանջեց Շատ Արագ Բացայայտել Պռօշեանի Գիւղապետի Սպանութեան Դէպքը
Նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքները վիճարկող ընդդիմադիր առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեան երէկ իր մարզային այցելութիւններուն ծիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ գիւմրեցիներուն հետ:
Շիրակի մարզային կեդրոնի Թատերական հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հանրահաւաքին ընթացքին ընդդիմադիր Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավարը մասնաւորաբար անդրադարձաւ Պռօշեան գիւղի գիւղապետի սպանութեան դէպքին եւ իշխանութիւններէն պահանջեց շատ արագ բացայայտել դէպքը:
«Այսօր հայ ժողովուրդը կորսնցուց նուիրական ազատամարտիկ` Պռօշեան գիւղի գիւղապետ, հպարտ մարդ, քաղաքացի, դաշնակցական: Վախկոտները զինք սպաննեցին օր ցերեկով: Մենք կը պահանջենք, որ գործող տէ ֆաքթօ իշխանութիւնները 9 ապրիլին ընդառաջ բացայայտեն այս քստմնելի ահաբեկչութիւնը եւ յանկարծ չ՛ըլլայ, որ Սիւնիքի, Գեղարքունիքի, այլ սադրանքներու եւ բռնութիւններուն, 18 փետրուարին համատարած ընտրախախտումներու հետքերով ասիկա ահաբեկչութեան, վախի, սպառնալիքի հերթական դրսեւորումը դառնայ», յայտնեց Յովհաննէսեան:
«Մեր շարժման, մեր բարեւի յեղափոխութեան ոչ թէ քանի մը հազարը, այլ միլիոնաւոր նուիրեալներ երբեք ձեռք պիտի չբարձրացնեն հայ քաղաքացիի, ոստիկանի, ուրիշ մէկուն նկատմամբ: Եթէ պատահի, ատիկա կը կատարուի միւս մայթէն, վախի, սպառնալիքի, ժողովուրդէն թաքցնելով ամբողջ ճշմարտութիւնը, ով որ յանդգնի ձեռք բարձրացնել, ատիկա պիտի ընէ իմ նկատմամբս նախ եւ առաջ: Չեմ մէջբերեր Չարենց, բայց կ՛ըսեմ, որ չյանդգնին այս սահմանադրական, խաղաղ, յաղթական պայքարին մէջ հայ ժողովուրդին դէմ կանգնիլ, ձեռք բարձրացնել»:
Րաֆֆի Յովհաննէսեան նաեւ գիւմրեցիներուն, շիրակցիներուն կոչ ուղղեց 9 ապրիլին գալ եւ ներկայ գտնուիլ իր ձեւակերպումով` նոր Հայաստանի երդմնակալութեան արարողութեան:

