Սպաննուեցաւ Արցախեան Ազատամարտիկ Հերոս, Պռօշեանի Գիւղապետ Հրաչ Մուրադեան

Երէկ առաւօտեան Կոտայքի մարզի Պռօշեան գիւղի գիւղապետարանին մօտ սպանութիւն կատարուած է: Սպաննուած է գիւղապետ, արցախեան ազատամարտի մասնակից Հրաչ Մուրադեան:

Հրաչ Մուրադեան շուրջ 10 տարիէ ի վեր կը ղեկավարէր Պռօշեան համայնքը: Ան արցախեան ազատամարտի հերոսներէն մէկն էր: Պետրոս Ղեւոնդեանի հետ անցած է ազատամարտի բոլոր ճակատներով` Շահումեանէն մինչեւ Ֆիզուլի: Հրաչ Մուրադեան 1990 թուականէն Դաշնակցութեան անդամ էր:

Ոստիկանութեան Կոտայքի մարզի քննիչական բաժինին մէջ յարուցուեցաւ քրէական գործ Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 104 յօդուածի 2-րդ մասի 2-րդ կէտին (Սպանութիւն, որ կատարուած է անձի կամ անոր մերձաւորի` կապուած այդ անձի կողմէ իր ծառայողական գործունէութեան կամ հասարակական պարտքի կատարման հետ) եւ 235 յօդուածի առաջին մասի (Ապօրինի ձեւով հրազէն, բացի ողորկափող հրազէնէն եւ անոր փամփուշտներէն, ռազմամթերք, ակոսափող հրազէնի փամփուշտներ, պայթուցիկ նիւթեր կամ պայթուցիկ սարքեր ձեռք բերելը, իւրացնելը, պահելը, փոխադրելը կամ կրելը) յատկանիշներով:

Նշանակուեցան շարք մը փորձաքննութիւններ: Նախաքննութիւնը կը շարունակուի:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան news.am լրատուական կայքի թղթակիցին հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Մուրադեան 50 տարեկան էր, ունէր 4 երեխայ` երկու որդի եւ երկու դուստր:

Արսէն Համբարձումեան Մուրադեանը բնութագրեց իբրեւ մարտական փառահեղ ուղի անցած, առաջին օրէն իսկ մինչեւ վերջին օրը պայքարած անձնաւորութիւն, բազմազաւակ ընտանիքի հայր: «Անցեալին դէպքեր տեղի ունեցած են, տարբեր միջոցներով ահաբեկելու, այսինքն` ասիկա հանգուցալուծումն էր», ըսաւ ան` չյայտնելով, թէ որուն կողմէ եղած են ահաբեկումները: Արսէն Համբարձումեան նշեց, որ իրաւապահ մարմինները տեղեակ էին այդ մասին:

Ինչ կը վերաբերի գիւղապետին սպանութիւնը իր գործունէութեան հետ կապելուն, Համբարձումեան յայտնեց, որ Հայաստանի իրողութիւնները հաշուի առնելով բոլորին համար ալ պարզ է, որ Մուրադեանի գործունէութիւնը չէր կրնար կապ չունենալ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES