Հայաստանի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Փիւնիկ Յաղթեց Կապանի Մէջ
Երէկ` երեքշաբթի, 2 ապրիլին տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի երթի առաջին մրցումը, որուն ընթացքին Գանձասար հիւրընկալեց Փիւնիկը:
Փիւնիկ յաղթական վերադարձաւ Կապանէն, ուր արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Դաւիթ Զաքարեան (27-րդ): Օրուան կեդրոնի իրաւարարն էր Անդրանիկ Արսէնեան:
Այսօր տեղի կ՛ունենայ կիսաւարտականի դարձի 2-րդ մրցումը, որուն ընթացքին Միքա կը հիւրընկալէ Շիրակը:
Դարձի մրցումները տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ 16 եւ 17 ապրիլին:
Նշենք, որ Ռաֆայէլ Նազարեանի կազմը` Փիւնիկ, այսպիսով արձանագրեց իր 5-րդ յաջորդական յաղթանակը:
CATEGORIES Մարզական

