Թենիս. Նալպանտեան Կը Պատրաստուի Ֆրանսայի Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումին
Արժանթինահայ թենիսմեն Դաւիթ Նալպանտեան, որ նախորդ շաբաթավերջին ժամանեց Պուէնոս Այրես, սկսաւ պատրաստուիլ թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի Ֆրանսայի դէմ տեղի ունենալիք քառորդ աւարտականի մրցումին:
Քառորդ աւարտականի այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ 5-7 ապրիլին` Պուէնոս Այրեսի մէջ:
Նալպանտեան շատ հաւանաբար Օրասիօ Սեպալիոսի հետ մասնակցի զոյգի մրցումին:
Արժանթինի խումբին մէջ են նաեւ Խոան Մոնաքօ եւ Քարլոս Փերլոք:
CATEGORIES Մարզական

