Հոֆընհայմ Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչն Ու Նախագահը
Պունտըսլիկայի մէջ մնալու համար պայքար մղող Հոֆընհայմ երէկ պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` Մարքօ Քուրցը, ինչպէս նաեւ իր նախագահը` Անտրէաս Մէօլըրը, խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով:
Ակումբի պահեստի կազմի նախկին մարզիչ Մարքուս Կիստոլ նշանակուեցաւ ժամանակաւոր մարզիչ:
Տարեշրջանին աւարտէն 7 հանգրուան առաջ, Հոֆընհայմ կը գրաւէ 17-րդ եւ նախավերջին դիրքը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անիկա դժուար թէ կարենայ այս տարեշրջանին գոյատեւել Ա. դասակարգին մէջ:
43 տարեկան Մարքուս Կիստոլ դժուար առաքելութիւն մը ունի իր դիմաց, կ՛եզրափակէ «ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը:
CATEGORIES Մարզական


