Թեքուանտօ. Պահրէյնի 5-րդ Միջազգային Մրցաշարք. Լիբանան Տիրացաւ 7 Ոսկի, 2 Արծաթ Եւ 10 Պրոնզ Մետալի

Նախորդ շաբաթավերջին Պէյրութ վերադարձաւ Լիբանանի թեքուանտոյի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Պահրէյնի 5-րդ միջազգային մրցաշարքին:

Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 36 ակումբներ, ինչպէս նաեւ 16 երկիրներու ազգային խումբեր` հետեւեալ ձեւով. Լիբանան, Պահրէյն, Սերպիա, Սլովենիա, Զուիցերիա, Աֆղանիստան, Եգիպտոս, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Մալեզիա, Իրան, Իրաք, Յորդանան, Քուէյթ, Քաթար, Սէուտական Արաբիա եւ Թայլանտ:

Ընդհանուր դասաւորման մէջ Լիբանան գրաւեց 3-րդ դիրքը` տիրանալով 7 ոսկի, 2 արծաթ եւ 10 պրոնզ մետալի:

 

Share this Article
CATEGORIES