Թենիս. «Տէյվիս Քափ»-ի Մրցաշարք. Վաղը` Լիբանան – Սրի Լանքա Մրցումին Վիճակաձգութիւնը

Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ վաղը` հինգշաբթի, 4 ապրիլին, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին մէջ (Քասլիք) տեղի պիտի ունենայ Լիբանան – Սրի Լանքա թենիսի «Տէյվիս-Քափ»-ի մրցումին վիճակաձգութիւնը:

Այս մրցումը կ՛իյնայ Ասիա – Ովկիանիա ցամաքամասին ծիրին մէջ:

Կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին տեղի ունենալիք մամլոյ ասուլիսէն ետք պիտի կատարուի այս մրցումին վիճակաձգութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES