ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Մասնաճիւղի Սկաուտական Կեանքէն
Հինգշաբթի, 28 մարտի առաւօտեան ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի «Վիգէն Զաքարեան» երիցական եւ Շուշի պարմանուհի փաղանգները, խմբապետական կազմին, Սկաուտական խորհուրդին եւ վարչութեան ընկերակցութեամբ այցելեցին Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերու ՖԻՒՆԻՒԼ-ի Լիբանանեան միացեալ առաքելութեան արեւմտեան միաւորին, ուր դիմաւորուեցան ընդհանուր հրամանատար գնդապետ Անթոնիօ Պիթելլի կողմէ: ՀՄԸՄ-ական սկաուտները ջերմ ընդունելութեան արժանանալէ ետք առիթը ունեցան հետեւելու խաղաղապահ ուժերու զինուորական ցուցադրութիւններուն, որոնց ընթացքին զինուորները զօրավար Զանզանայի եւ լիբանանեան բանակի ներկայացուցիչին հսկողութեամբ սկաուտներուն ծանօթացուցին իրենց զրահապատերուն, շուներու հոտառութեամբ ականներ յայտնաբերելու եւ զանոնք վնասազերծելու գործընթացներուն, ինչպէս նաեւ տեղեկացան լիբանանեան հողերը ականազերծելու կարեւորութեան մասին: Ցուցադրութիւններուն հսկեց եւ համապարփակ տեղեկութիւններ փոխանցեց իտալական ուժերու հրամանատար Ճիովանիի Ռոմանօ:
Ապա սկաուտները առիթը ունեցան լսելու ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերու տեղեկատուական բաժնի պատասխանատու Անթուանեթ Միտէյի զեկուցումը, որուն մէջ ան շեշտեց, որ ՖԻՒՆԻՒԼ-ի ուժեր կը հետապնդեն մարդասիրական եւ քաղաքացիական նպատակներ, իսկ հրամանատար Պիթելլի ամբողջացնելով խաղաղապահ ուժերու առաքելութեան մասին տեղեկութիւններու փոխանցումը, անդրադարձաւ հայութեան եւ հայ ժողովուրդին, եւ նշեց, թէ հայ ժողովուրդը ենթարկուած է բազում բռնութիւններու եւ տարագրութիւններու, սակայն հայ սկաուտները յոյս կը ներշնչեն այն մասին, որ անոնք պիտի ըլլան Լիբանանի ու հայութեան ապագան: Փոխադարձաբար ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի «Վիգէն Զաքարեան» փաղանգի պետ Մելքոն Պապէեան խաղաղապահ ուժերուն ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղին գործունէութիւնը` խօսելով Պուրճ Համուտի եւ հայութեան մասին եւ ընդգծելով, որ հայերը Ցեղասպանութեան որպէս հետեւանք հասած են Լիբանան եւ իրենց կեանքը կազմակերպած ու ծաւալած են այնտեղ: Պապէեան նաեւ նշեց, որ սկաուտութիւնը կը կարեւորէ մշակոյթներու համակեցութիւնը եւ տարբեր ազգերու միջեւ փոխյարաբերութիւնները: Ապա ՖԻՒՆԻՒԼ-ի տեղեկատուական պատասխանտուն ՄԱԿ-ի եւ խաղաղապահ ուժերու մասին հարցումներ ուղղեց սկաուտներուն, եւ սքանչացաւ հայ սկաուտներու ունեցած ընդհանուր զարգացման բարձր մակարդակով: Հարցումներուն ընդմէջէն անգամ մը եւս շեշտուեցաւ միջազգային այս ուժերուն մարդասիրական առաքելութեան կարեւորութիւնը: Ապա ՀՄԸՄ-ականները եղան ՄԱԿ-ի ուժերու ճաշի հիւրը, որմէ ետք ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղին խմբապետուհի Սիրան Պետրոսեան-Չպլաքեան մասնաճիւղին անունով երախտագիտական յուշանուէր մը յանձնեց հրամանատար Պիթելլիի: Անկէ ետք խաղաղապահ ուժերուն կողմէ յիշատակի լուսանկարներ բաշխուեցան ՀՄԸՄ-ականներուն, որոնք օգտաշատ տեղեկութիւններ ամբարած, անմոռանալի պահեր անցուցած եւ տպաւորիչ յիշատակներ արձանագրած` յետմիջօրէին վերադարձան իրենց տուները:

