Հարցազրոյց` Պոլիս Գործուղուած Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Անդամներուն Հետ
Հարցազրոյցը վարեց` ԱՐՄԷՆ ԱՊՏԱԼԵԱՆ
Վերջերս «Վանայ ձայն»-էն սփռուեցաւ իւրայատուկ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան որոշումով 20-24 փետրուարին Պոլիս գործուղուած Կեդրոնական վարչութենէն երկու անդամներ` Մկօ Եափուճեան եւ Մարտիկ Տեմիրճեան խօսեցան Պոլսոյ մէջ իրենց ունեցած հանդիպումներուն, կատարած բանակցութիւններուն մասին: Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցը:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պոլսահայ գաղութին հետ նման կապ հաստատելը իւրայատուկ է, որովհետեւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ այս իմաստով կատարուած պաշտօնական առաջին նախաձեռնութիւնն է. խնդրեմ` բացատրեցէք այս նախաձեռնութեան նպատակը:
ՄԱՐՏԻԿ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Վերջին տարիներուն որոշ փոփոխութիւններ նկատելի եղան Թուրքիոյ քաղաքական կեանքին մէջ, յատկապէս` քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ, եւ այս պարագային, ոչ միայն քրիստոնեայ, այլ նաեւ քիւրտերու եւ ալեւիներու նկատմամբ: Թուրք պետութիւնը շրջադարձ կատարած է եւ բազմաթիւ դժուար հանգրուաններէ շրջանցելէ ետք, այս վերջին տասնամեակին փոքրամասնութիւնները արդէն զգացին հիմնական փոփոխութեան առկայութիւնը: Այս փոփոխութիւնը բնականաբար, ինչպէս այլ փոքրամասնութիւններու, նաեւ իր ազդեցութիւնը ունեցած է պոլսահայութեան կեանքին մէջ, եւ անոր դրսեւորումներուն մենք իրազեկ դարձանք վերջին տարիներուն: Անշուշտ բոլորս գիտենք, որ անհատական այցելութիւններ, տարբեր բնոյթի ոչ կազմակերպուած նախաձեռնութիւններ կան, սակայն այս բոլորէն ետք մենք իբրեւ մշակութային համասփիւռքեան չափանիշներ ունեցող կառոյց` չէինք կրնար այս բոլորը դիտել եւ հեռու մնալ: Թէեւ հաւանաբար ուշացանք, սակայն որոշեցինք այս քայլը առնել` մօտէն ծանօթանալու եւ տեսնելու, թէ մենք այս բոլորին մէջ ո՛ւր ենք, իբրեւ մշակութային կազմակերպութիւն` ի՛նչ են մեզմէ եղած ակնկալութիւնները: Մեր ունեցած տեսակցութիւններուն ընթացքին մեզի ըսուեցաւ, որ արդէն այդ ակնկալութիւնը գոյութիւն ունէր, ուստի ողջունելի նկատուեցաւ այս այցելութիւնը, որ ուրախութիւն պատճառեց պոլսահայութեան:
Հ.- Պոլիս հասնելէ առաջ բնականաբար կապեր հաստատած էիք, որպէսզի ձեր հանդիպումներուն յայտագիրը պատրաստուի: Ինչպէ՞ս սկսաք ձեր այցելութիւնը, ինչպէ՞ս թափանցեցիք նիւթին մէջ, որպէսզի դուք ձեզ ներկայացնէք, ապա անցնիք բուն, հիմնական խնդիրին:
ՄԿՕ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ.- Պէտք է ըսել, որ մանրամասնօրէն ծրագրուած այցելութիւն չէր, որովհետեւ այդ կապերը չունէինք նախօրօք: Հետեւաբար բարեկամներու միջոցով տեղի ունեցան այս բոլորը: Երբ հասանք Պոլիս եւ ընդունուեցանք բարեկամներու կողմէ, հոն արդէն հիմնական ծրագիրը մշակեցինք: Յստակ էր, որ մենք կ՛ուզէինք այցելել պոլսահայ կազմակերպութիւններու, հաստատութիւններ եւ, գլխաւորաբար, վերջին տասնամեակին թափ ստացած Հրանդ Տինքի շարժումն ու հիմնադրամը: Պէտք է ըսել, որ շատ հոգեպարար այցելութիւն մըն էր մեզի համար, որովհետեւ երբ կ՛երթաս Պոլիս եւ կը տեսնես այդ բոլոր կառոյցները, զորս ունեցած ենք եւ ունինք, կը զգաս, որ ատիկա մեր մշակութային օրրաններէն է:
Հ.- Մանրամասնութիւններու մասին խօսելէ առաջ կայ հարցում մը, որ ինքզինք կը պարտադրէ: Նախապէս Թուրքիա երթալու համար մուտքի արտօնագիրի դիմում կը կատարուէր, կը սերտուէր անձին պարագան, իսկ այսօր նման բան չկայ արդէն, օդանաւային տոմսը կ՛առնէք եւ մուտքի արտօնագիր հոնկէ կը ստանաք: Բայց հոն ձեր տեսակցութիւններուն, փոխադրութիւններուն ընթացքին նկատեցի՞ք մութ, գաղտագողի հետեւող մը, հսկողութիւն:
Մ. Տ.- Բացարձակապէս ոչ, նման բան երբեք նկատելի չէր, նոյնիսկ այնպիսի մթնոլորտ մըն է, որ կարծես այսօր նման բաներ չես ալ տեսներ երբեմն: Բայց նկատելի ոչ մէկ երեւոյթ կար, մեր այցելութիւնները շատ սովորական էին, շատ բնական, բարեկամական:
Հ.- Այսինքն իրենց մտքերուն մէջ ալ նման վախ գոյութիւն չունէր:
Մ.Տ.- Ո՛չ. թերեւս մարդոց մտքերուն ծալքերուն մէջ նման բան կրնայ ըլլալ. վերջ ի վերջոյ մի՛ մոռնաք, որ պետութիւնները կամ ժողովուրդները այդպէս են, ամէն ինչ ալ հանգիստ չի ձգուիր ինքնիր վիճակին, ամէնէն ազատական երկիրներուն մէջ իսկ նման բաներ կան:
Հ.- Խօսինք ձեր այցելութիւններուն եւ հանդիպումներուն մասին:
Մ. Տ.- Մեր այցելութիւնները սկսանք «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրատունէն. այս առիթով ըսեմ, որ Պոլսոյ մէջ կան երկու օրաթերթեր` «Մարմարա»¬ն եւ «Ժամանակ»¬ը, տարբեր օրերու այցելեցինք անոնց: Ունեցանք հետաքրքրական հանդիպումներ, կը յիշեցնէր մեր խմբագրատուները, մթնոլորտը այնպէս է, ինչպէս «Ազդակ»-ի մէջ, օրինակ: Շատ բնական, սովորական առօրեայ էր:
Հ.- Անհատներու հետ տեսակցութիւններ ունեցա՞ք, ո՞վ էր ամէնէն հետաքրքրական տիպարը:
Մ. Ե.- Ամէնէն հետաքրքրական տիպարը մեզի ընկերակցող անձն էր, որ մեզ օդակայանին մէջ ընդունեց եւ մեր այցելութեան ընթացքին միշտ մեզի ընկերակցեցաւ: Տիգրան Ալթուն է անունը, ան զանազան գործեր ըրած է, ներկայիս «Արմաւիա» ընկերութեան պատասխանատուն է. յարգուած անձնաւորութիւն է եւ բաւական հետաքրքրական տիպար է:
Հ.- Երիտասարդներու հետ հանդիպումներ ունեցա՞ք:
Մ. Տ.- Երիտասարդներու հետ հանդիպումներուն վրայ յատուկ շեշտ կարելի չէ դնել. «Հրանդ Տինք» հիմնադրամ-կազմակերպութեան կեդրոն այցելած ատեն հանդիպեցանք երիտասարդներու, որոնք շատ լուրջ տպաւորեցին մեզ, նաեւ կեդրոնը, ցանցը, պաշտօնէութիւնը կարծես եւրոպական չափանիշով կառոյց մըն է: Այդ այցելութեան ընթացքին խօսեցանք երիտասարդներուն հետ, տպաւորիչ էր նաեւ «Ակօս»-ի խմբագիր Ռոպեր Քոփթաշի եւ անոր ընկերներուն հետ հանդիպումը:
Հ.- Դուք հարցումներ ուղղեցիք, պատասխաններ ստացաք, բացատրութիւններ լսեցիք, իրենց տեսակէտներուն ծանօթացաք: Իրենք ալ հարցումներ ուղղեցի՞ն:
Մ. Ե.- Ո՛չ. յստակ հարցումներ չուղղեցին, մենք էինք հարցում ուղղողները, բայց իրենց մէջ կար տեսակ մը համագործակցելու ծարաւ մը, փափաք մը, որ շատ զգալի է մասնաւորաբար «Հրանդ Տինք» հիմնարկի, «Ակօս»-ի, «Արաս» հրատարակչատան շրջանակներուն մէջ: Կարելի է ըսել, որ մեր այցելութիւնները կարելի է բաժնել երկու մասի, առաջին մասին մէջ կ՛իյնան հին, հաստատուած կառոյցները, ինչպէս` Ս. Փրկիչը, «Մարմարա»-ն, պատրիարքարանը, եկեղեցիները, դպրոցները եւ այլն, հիներէն պէտք է առանձնացնել Կեդրոնական վարժարանը, մինչդեռ «Հրանդ Տինք» հիմնարկը, «Ակօս»-ը, «Արաս»-ը նոր եւ տարբեր են:
Հ.- «Հրանդ Տինք» հիմնադրամը ծնունդ առաւ Հրանդ Տինքի նահատակութենէն ետք, ինչպէ՞ս կը գնահատէք զայն ու անոր տարած գործունէութիւնը:
Մ. Տ.- Անկեղծօրէն առաջին տպաւորութիւնս հիացմունք էր. կազմակերպութեան մը գրասենեակն է անիկա, ուր կը տեսնես հայ, նաեւ խառն ազգութեամբ, թուրք, քիւրտ, ծագումով հայ երիտասարդ տղաք եւ աղջիկներ, առտուընէ իրիկուն, մեր ամէնէն լուրջ կազմակերպութիւններուն չափ կամ` նոյնիսկ աւելի, կը գործեն, ուսումնասիրութիւններ կը կատարեն` Հայոց ցեղասպանութեան, հայկական հարցերու, գաւառներու հարցերուն մասին:
Հ.- Եւ իրենց գործունէութիւնը արգելակող չկայ:
Մ. Տ.- Ո՛չ, ո՛չ. կրնայ ըլլալ, որ մեզի չեն փոխանցած, որ մանր-մունր դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն, նիւթական հարցեր ունին, հաւանաբար իրենք գիտեն ձեւը տուեալ հարց մը ինչպէս ներկայացնել, որպէսզի մարդիկ չանհանգստանան: Վերջին հաշուով այս կազմակերպութեան վարած գործը քարոզչական է, իրենց նպատակն է դասախօսութիւններով, հրատարակութիւններով, յօդուածներով, նախաձեռնութիւններով թուրք զանգուածին մէջ, յատկապէս զարգացած զանգուածին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան, հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն մասին քարոզչութիւն ընել: Այս մասին իրենք յայտարարած են. քարոզչութիւնը նուրբ խնդիր է, եթէ սահմանը անցնիս, կրնայ հակառակ ազդեցութիւնը ստեղծել: Ուրեմն կը կարծեմ, թէ կազմակերպութիւնը այս բոլորին լաւապէս գիտակցելով, լաւատեղեակ ըլլալով ազգային հարցերուն, թուրք հասարակութեան, ազգայնական մտածողութեան մասին, անոնք այս բոլորին համեմատ այս քարոզչական արշաւը կ՛ընեն, որպէսզի հետզհետէ անոնց համոզիչ դարձնեն Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը:
Հ.- Թէեւ բացուելու, թափանցիկ դառնալու, լայնամտութեամբ հանդէս գալու քաղաքականութիւն գոյութիւն ունի Թուրքիոյ մէջ, բայց եւ այնպէս ազգայնամոլ թեւը բուռն կերպով կը հակազդէ: Ազգայնամոլութեան վերածնունդ մը կ՛ապրի այսօր Թուրքիան: Զգացի՞ք այս մթնոլորտը, ազգայնամոլութենէն վախ կա՞յ: Ձեր խօսակցութիւններուն ընթացքին այդ երեւոյթին ակնարկութիւններ կատարուեցա՞ն պոլսահայերուն կողմէ:
Մ. Տ.- Անկեղծօրէն իրենք ընդհանրապէս չանդրադարձան, մենք մեր հարցումներուն ճամբով երբեմն այդ մէկը շօշափեցինք. անոնք կ՛ըսէին, որ կայ այդ հոսանքը, եւ բնական է, որ ըլլայ, տարօրինակ բան չկայ ասոր մէջ. ազգի մը բաղկացուցիչ մասերուն մէջ մոլեռանդ ազգայնամոլն ալ կ՛ըլլայ, չափաւորականն ալ կ՛ըլլայ, նաեւ համամարդկային գաղափարներով տոչորուող ժողովրդավարութեան լայն հասկացողութեամբ հաւատացող խաւ մըն ալ կայ: Մամուլի մէջ, օրինակ, բազմաթիւ յօդուածներով կը քննադատեն այս շարժումները, մտահոգութիւն կը յայտնեն, իրենք ալ իրենց կարգին կը հակազդեն:
Մ. Ե.- Կառոյցները գիտակից են նման ազգայնամոլներու առկայութեան եւ իրենց գործունէութիւնը ատոր համեմատ կը ծաւալեն: Այս հոսանքին ազդեցութիւնը միայն հայերուն եւ փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ չէ, այլ նաեւ` այլախոհ թուրքերուն:
Հ.- Ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու հետ տեսակցութիւն ունեցա՞ք:
Մ. Տ.- Յատկանշական էր մշակութային, հայկական հարցերու հետապնդման, պարզաբանելու իմաստով մեծ դեր ունեցած «Անատոլու քիւլթուր» կազմակերպութեան հետ տեսակցութիւնը: Խօսակցութիւնը ընթացաւ թրքերէն-անգլերէն խառն լեզուով. իրենք հաճոյք կը զգային, որ դիմացինը թրքերէնով արտայայտուի, որոշ ինքնասիրութիւն կը զգային:
Այս կազմակերպութիւնը բաւական լուրջ աշխատանք կը տանի, սերտօրէն կը գործակցի «Հրանդ Տինք» հիմնադրամին հետ. լուրջ, մասնագիտական, տասնեակներով պաշտօնէութեամբ կը գործեն:
Մ. Ե.- Կազմակերպութեան հիմնադիրը թուրք է, եւ հիմնուած է թուրք ազգայնամոլական շարժումին առընթեր, սկսած է քրտական շարժումով, ապա ընդարձակուած է` ներառելով բոլոր փոքրամասնութիւնները: Իրենց մեկնակէտը երկխօսութիւնն է, կ՛ուզեն Թուրքիոյ մէջ երկխօսութեան միջոցով տարբեր փոքրամասնութիւններուն միջեւ կապեր հաստատել, որպէսզի կարելի ըլլայ հարցերը լուծել:
Մ. Տ.- Ճիշդ է, որ «Անատոլու քիւլթուր»-ը երկխօսութիւն կ՛ուզէ, բայց ասիկա այն երկխօսութիւնը չէ, որ թուրք պետութիւնը կ՛ուզէ: Ասիկա այն երկխօսութիւնն է, որ առողջ, ժողովրդավար, բոլոր խնդիրները քննող Թուրքիա մը ստեղծելու կը վերաբերի:
Հ.- Այս այցելութենէն ի՞նչ բերիք ձեզի հետ:
Մ. Տ.- Կարեւորութեամբ պէտք է շեշտել այն, որ մենք` արեւմտահայերս տարբեր վերաբերում ունինք Պոլսոյ եւ պոլսահայութեան նկատմամբ: Արեւմտահայերէնին հայրենիքը Պոլիսն է, հոն զարգացած է, մեր ամբողջ դասական, քաղաքական գրականութեան հսկաները Պոլսոյ մէջ ստեղծուած են: Որքան ալ մեր մանկութեան տարիներէն մեր մեծերուն գործերը կարդացած ենք, Պոլսոյ մասին գիտենք, այնտեղի բարքերէն տեղեակ ենք, բայց Պոլիս երթալը, այդ բոլորը տեսնելը, այդ մշակութային հարստութիւնը, երբեմն այդ հարստութեան մնացորդացը տեսնելը տարբեր է: Եթէ մենք իբրեւ լիբանանահայեր` կ՛երթանք Պուրճ Համուտի ազգային գերեզմանատունը եւ կը կարծենք, որ ատիկա աշխարհի կեդրոնն է, իսկ երբ Պոլիս կ՛երթաս եւ հոն կը տեսնես, որ այնտեղի գերեզմանատունը շատ աւելի հսկայական է, հոն հայութիւն մը ապրած է եւ ամբողջ պատմութիւն մը թաղուած է: Մենք Պէյրութը, Լիբանանը սփիւռքի մայրաքաղաք կը նկատենք, Պոլսոյ մէջ կը տեսնես, թէ մայրաքաղաք ի՛նչ կը նշանակէ. մենք շատ կ՛աճապարենք մենք մեզ մայրաքաղաք նկատելու: Թէեւ հիմա Պոլիսը այդ վիճակին մէջ չէ, բայց այդ ժառանգութիւնը, մշակութային հարստութիւնը շատ բան կ՛արժէ. Պոլսոյ մէջ հայկականութիւնդ այնքան կը շոյուի, երբ կը տեսնես, թէ Պոլսոյ շինարարական, ճարտարապետական ամէնէն նշանաւոր եւ կարեւոր կառոյցները հայերու կը պատկանին. ասիկա մեծապէս ինքնասիրութիւնդ կը շոյէ:
Ես կը կարծեմ, որ մենք մեզի հետ ամէնէն առաջ բերինք այն, որ շատ բնական է այն հոգեկան պատուարը, որ կայ իւրաքանչիւր սփիւռքահայու մէջ: 1915-ի Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք ստեղծուած այդ պատուարը պէտք է ա՛լ շրջանցենք, անցնինք այդ հանգրուանը, անշուշտ ասիկա քաղաքական իմաստով չեմ ըսեր, մեր պահանջներուն չի վերաբերիր: Մենք պէտք է անդրադառնանք, որ մենք Պոլսոյ մէջ ընելիք ունինք, հայութեան համար օրրան եղած այդ վայրին տալիք ունինք, այնքան ատեն որ կայ մթնոլորտը, կարելիութիւնը. ընդհանրապէս սփիւռքը թոյլ կապեր ունի պոլսահայութեան հետ: Ուստի ժամանակն է Պոլիսը նկատելու մեր բնական գործակիցը եւ գործակցելու, մշակութային, հրատարակչական փոխանակում կատարուի, միացեալ նախաձեռնութիւններ կատարուին:
Հ.- Ուրեմն գործակցութիւնը անխուսափելի է:
Մ. Ե.- Ոչ միայն անխուսափելի է, այլ նաեւ պահանջ է, որ կու գայ նաեւ իրենցմէ. իրենք ծարաւը ունին արեւմտահայ զանգուածին, մշակութային կառոյցներուն հետ տեսնուելու, գործակցելու: Իրենք գործընկեր կը փնտռեն` կրթական, մշակութային մարզերուն մէջ:
Հ.- Երթալ գալէ, տեղեկագիրը ներկայացնելէ ետք ի՞նչ հանգրուան կայ:
Մ. Տ.- Կեդրոնական վարչութիւնը օրակարգի վրայ պէտք է ունենայ այն, որ այս այցելութենէն պէտք է բխի գործակցութիւններու, ծրագիրներու ամբողջութիւն մը, որ պէտք է քայլ առ քայլ աւելի եւս սերտանան, եզրեր գտնել գաղութներուն միջեւ: Գաղութը ունի արուեստագէտներ, մշակութային միաւորներ, դպրոցներ, որոնց հետ կարելի է համագործակցութեան եզրեր գտնել:
Մ. Ե.- Արդէն ընթացքի մէջ է նման ծրագիրի մը պատրաստութիւնը, քանի մը ամիսէն հաւանաբար արդէն նախաձեռնութիւն մը կը կատարուի: «Հրանդ Տինք» հիմնադրամը կազմակերպած է ցուցահանդէս մը, որ կը վերաբերի հայ ճարտարապետներու, որոնք Պոլիսը կառուցած են: Կը մտածենք այդ ցուցահանդէսը բերել Լիբանան: Պոլսոյ մէջ կան նաեւ գեղանկարիչներ, որոնց հետ փոխադարձ այցելութիւններ կատարելու մասին կը մտածուի:
Հ.- Արդեօք պիտի հասնի՞ հանգրուան մը, երբ, օրինակ, Համազգայինի «Քնար» պարախումբը ելոյթ ունենայ Պոլսոյ մէջ:
Մ. Տ.- Շատ բնական է, որ ատիկա տեղի ունենայ. այս գործակցութեան արդիւնքը պիտի ըլլայ ատիկա. մտաւորականներ կազմակերպուած այցելութիւններ պիտի տան:
Հոս կ՛ուզեմ նաեւ անդրադառնալ երեւոյթի մը, որ շատ կարեւոր է. անիկա գաւառներու մէջ ստեղծուած թրքացած հայերուն խմբաւորումներուն կը վերաբերի եւ անիկա համայն հայութեան հարցն է. ասիկա առաջին հերթին իր ազդեցութիւնը կը զգացնէ Պոլսոյ մէջ, որովհետեւ գաւառներէն մեծ թիւով հայեր, թրքացած, ծպտեալ հայեր կու գան եւ հոն գաղութին մէջ երեւոյթ են: «Հրանդ Տինք» հիմնադրամին համար հարց է, որ ինք ինչ վերաբերում պիտի ցուցաբերէ անոնց նկամամբ, ի՛նչ իմաստուն քայլեր պէտք է առնէ. կը խօսուի հարիւր հազարաւոր հայերու մասին. անոնք իսլամացած են, անոնց մեծ տոկոսը թէեւ հայ է, բայց կրնայ ըլլալ, որ չկարենայ իսլամութենէն հեռանալ: Այս հարցը շատ լուրջ է, սեղանի վրայ է եւ կարծեմ հոկտեմբերին այս նիւթով խորհրդաժողով մը կայ, որպէսզի կարենանք ճշդել, որ այս հարցերուն նկատմամբ ի՛նչ դիրք պէտք է որդեգրենք: Ասոնք պարագայ են, պէտք է քննարկենք, թէ հաւաքաբար ինչպէ՛ս պէտք է վերաբերինք ասոնց հետ:
Մ. Ե.- Թէեւ Պոլսոյ մէջ զգացական իմաստով մեծ աշխարհ մը կայ, բայց այսօր մենք երիտասարդութեան ուղղուած զգացականէն աւելի շօշափելի բաներ ունինք փոխանցելիք:


