Գաղութէ – Գաղութ
Վրաստան
Թուղթով Շինուած Հագուստներու
Ցուցադրութիւն
Նախաձեռնութեամբ վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի գեղարուեստական խումբի (ուսուցչուհի` Թամար Սուլխանիշվիլի) եւ աջակցութեամբ «Հայարտուն» կեդրոնի, «Պահպանենք շրջակայ միջավայրը» բնաբանով ձեռնարկներու ծիրին մէջ 16 մարտին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Թամար էնտ քիտս փէյփըր ֆեշըն շօ»: Ցուցադրութեան նպատակն էր հանրութեան բացատրել, թէ պէտք է խնայողութեամբ վերաբերիլ թուղթին հետ, ինչպէս նաեւ` ցոյց տալ, թէ որեւէ թուղթ կարելի է վերածել հագուստի:
Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին Թիֆլիսի տարբեր դպրոցներէ 4-16 տարեկան մանուկներ:
Ձեռնարկը վարող գեղագիտութեան ուսուցչուհի Թամար Սուլխանիշվիլի ներկայացուց թուղթէ պատրաստուած տարբեր հագուստներ:
Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան բարձր գնահատեց կազմակերպուած բնապահպանական գործողութիւնը:
Աւարտին բոլոր մասնակիցներուն յանձնուեցան վկայագրեր եւ նուէրներ:
Տուտուկի Համերգ
Մարտ 17-ին «Հայարտուն» կեդրոնի «Գալուստ Կիւլպենկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տուտուկի համերգ` կատարողութեամբ Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի ժողովրդական նուագարաններու բաժնի Գէորգ Տապաղեանի տուտուկի դասարանի ուսանող Արսէն Պետրոսեանի:
Սոյն ձեռնարկը Արսէն Պետրոսեանին առաջին բարեսիրական մենահամերգն էր, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի սուրիահայութեան:
Մենահամերգին իրենց մասնակցութիւնը բերին` մեներգիչ Ռուբէն Ոսկանեան, տուտուկահար Վանիկ Մկրտիչեան, տհոլահար Գէորգ Աւետիսեան, «Հայարտուն» կեդրոնի «Ջէյրան» պարային համոյթը (պարուսոյց` Սվետլանա Երիցեան), մենապարուհի Լիանա Մարգարեան, ասմունքող Լիզա Թորոսեան:
Հայաստանի Մշակոյթի Նախարարին
Գլխաւորած Պատուիրակութեան Այցը
Մարտ 20-22 պաշտօնական այցով Թիֆլիս կը գտնուէր Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանին գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Վրաստանի վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլիին հետ հանդիպումի ընթացքին Հայաստանի մշակոյթի նախարարը շեշտեց կարեւորութիւնը վարչապետին` տարեսկզբին Երեւան կատարած այցելութեան, որ լուրջ խթան հանդիսացաւ յատկապէս երկկողմ մշակութային համագործակցութեան ծրագիրներու յստակացման եւ համատեղ իրականացուելիք ձեռնարկներու նախանշման առումով: Վրաստանի վարչապետը պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցութիւն ցուցաբերել երկու երկիրներու միջեւ մշակութային համագործակցութեան խորացման եւ մշակութային կապերու ամրապնդման:
Վրաստանի կաթողիկոս-պատրիարք Իլիա Բ. նախարար Յասմիկ Պօղոսեանին հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին բարձր գնահատեց հայ եւ վրացի ժողովուրդներուն հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող բարեկամութիւնը եւ շեշտեց կարեւորութիւնը երկու ժողովուրդներուն բազմադարեայ մշակութային ժառանգութիւնը սերունդներուն հասանելի դարձնելու համար առնուած քայլերուն:
Վրաստանի մշակոյթի եւ յուշարձաններու պահպանութեան նախարար Կուրամ Օտիշարիայի հետ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներու մշակութային համագործակցութեան վերաբերող բազմաթիւ հարցեր, ինչպէս` Վրաստանի մէջ հայկական հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ` մշակութային ծրագիրներու ձեռնարկներու իրականացման վերաբերեալ հարցեր:
Նախարարը իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ շարք մը մշակութային եւ համայնքային ձեռնարկներու եւ այցելեց հայկական եկեղեցիներ եւ համալիրներ:
Հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումին ընթացքին նախարարը ընդգծեց, որ ներկայիս ստեղծուած է բարենպաստ մթնոլորտ` երկու երկրներու մշակութային համագործակցութիւնը աւելի բարձր մակարդակի հասցնելու համար:
«Հայարտուն» մշակոյթի կեդրոն կատարած իր այցելութեան ընթացքին նախարարը կեդրոնին նուիրեց նկարիչ Արարատ Սարգիսեանի «Ջուղայի խաչքարեր» կտաւը:
Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան երախտագիտական խօսք ուղղեց Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան` «Հայարտուն» գործունէութեան օժանդակելու համար:
Աւարտին քանդակագործ Լեւոն Օսիպով եւ նկարիչ Թենգիզ Միկոյեանց իրենց աշխատանքները նուիրեցին նախարարին:
Պելկրատ
Հայկական Ճարտարապետութեան Նուիրուած
Ցուցահանդէս
Մարտ 21-ին Պելկրատի «Ռուսական տան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան. պիպլիական երկիր Արարատի ներքեւ խորագիրը կրող լուսանկարիչ, Սերգէյ Փարաջանովի թանգարանի տնօրէն Զաւէն Սարգիսեանի լուսանկարներու ցուցահանդէսի բացումը: Ցուցահանդէսը նուիրուած էր հայկական ճարտարապետութեան:
Ելոյթ ունեցան Սերպիոյ հայկական միութեան նախագահ Սամուէլ Այվազեան եւ «Ռուսական տան» տնօրէն Միխայիլ Տենիսով:
Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոս Փրետրակ Տոմիչ կարդաց Հայաստանի դեսպան Գագիկ Ղալաչեանին ուղերձը, որմէ ետք ելոյթ ունեցաւ Զաւէն Սարգիսեան, իսկ բանաստեղծուհի Լիւպիցա Միլեթիչ կարդաց Հայաստանին նուիրուած բանաստեղծութիւններ:
Լոնտոն
ՀՄԸՄ–ի Լոնտոնի Մասնաճիւղի 34-րդ Տարեդարձի
Եւ Հայ Սկաուտի Օրուան Նշում
Մարտ 16-ին Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Լոնտոնի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 34-րդ տարեդարձին եւ Հայ սկաուտի օրուան առիթով տօնակատարութիւն:
Օրուան հանդիսավար Արփի Ստեփանեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, յաջորդաբար խօսք առին մասնաճիւղի խմբապետուհի Թինա Օհանեան, մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Էտօ Աբրահամեան, Միացեալ թագաւորութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հաւատարմատար Արա Մարգարեան, որոնք անդրադարձան հայ նոր սերունդներուն մարդկային եւ ազգային դաստիարակութեան գործընթացքին մէջ
ՀՄԸՄ-ին ունեցած գերգնահատելի դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ` սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն զօրակցելու անհրաժեշտութեան: Պաշտօնական խօսքերէն ետք տեղի ունեցաւ գնահատագրերու բաշխում եւ աստիճանատուչութիւն:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Փարիզ
Հայաստանի Մասնակցութեամբ Ձեռնարկ
ԵՈՒՆԵՍՔՕ–ի Մէջ
Նախաձեռնութեամբ ֆրանսախօս երկիրներու խումբի, 18 մարտին Փարիզի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ տեղի ունեցաւ համերգ, որուն ընթացքին Հայաստան, Լիթվիա եւ Պուլկարիա ներկայացուցին Մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ ներառուած իրենց ազգային մշակութային արժէքները:
Հայաստանը ներկայացուց ֆրանսահայ երաժիշտ, տուտուկահար Լեւոն Մինասեան:
Համերգը նուիրուած էր Մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան յուշակագրի 10-ամեակին:
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէն Պոկովա եւ Ֆրանսախօսութեան գլխաւոր քարտուղարի ներկայացուցիչը ողջունեցին հայ, պուլկար եւ լիթվիացի արուեստագէտները` ընդգծելով քաղաքակիրթ ազգերու ներդրումը մշակութային երկխօսութեան միջոցով ազգերու միջեւ հանդուրժողականութեան ամրապնդման գործին մէջ:
Միացեալ Նահանգներ
Զաւէն Խանճեանի «Հալէպ` Առաջին
Կայարան» Հատորին Գինեձօնը
Կազմակերպութեամբ Թէքէեան մշակութային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, 3 մարտին Իրանահայ միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Զաւէն Խանճեանի «Հալէպ` առաջին կայարան» գիրքին գինեձօնը:
Օրուան հանդիսավարն էր միութեան անդամներէն Վաչէ Սեմերճեան, որ բացատրեց, թէ իրենց միութիւնը նախաձեռնած է Խանճեանի հատորին հրատարակութեան` մեկնելով ընթերցողը գրաւող անոր գրելաձեւին անկեղծ պարզութենէն, հաղորդականութենէն եւ աշխուժութենէն: Յայտագիրի ընթացքին Սեմերճեան կարդաց հատուածներ` Խանճեանի գիրքերը գնահատողներու կողմէ յղուած նամակներէն` հասած տարբեր երկիրներէ:
Ճարտարապետ ու երաժշտագէտ Հրանդ Աղպապեան ներկայացուց Խանճեանին կենսագրութիւնը:
ՀՕՄ-ի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Լենա Պօզոյեան իր կարգին անդրադարձաւ Խանճեանին ղեկավարման ոճին` զայն նկարագրելով իբրեւ շրջահայեաց, բայց յանդուգն, հաւասարակշռուած, անկողմնակալ եւ իմաստուն ղեկավարի մը: Պօզոյեան անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի դերակատարութեան` նախքան Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ մարմինի հաստատումը եւ գնահատեց Խանճեանին դերակատարութիւնը` իբրեւ ատենապետ գործադիր յանձնախումբի (2012-ի օգոստոսէն ի վեր):
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Հեղինակին կողակիցին` Սոնա Խանճեանին ելոյթին յաջորդեց թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին խօսքը: Ան նկատել տուաւ, որ Խանճեան գործած էր իբրեւ ատենապետ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի խորհուրդին, ինչպէս նաեւ բարձրագոյն պաշտօն ստանձնած էր Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ մարմինին:
Պատմաբան դոկտ. Վահրամ Շեմմասեան ներկայացուց «Հալէպ` առաջին կայարան» հատորը` անդրադառնալով գիրքին կարեւոր կողմերուն, վեր առնելով գիրքին մէջ մարմնաւորուող ժամանակաշրջանին Հալէպի հայկական կեանքի սովորութիւնները, աւանդութիւններն ու մշակոյթը: Փրոֆ. Շեմմասեան անդրադարձաւ հալէպահայ ընտանիքի աւանդութիւններուն, ուր երեխաները չափահասներուն հետ կը նստէին վառարաններու շուրջ` անոնց պատմութիւնները ունկնդրելու: Դասախօսը նշեց նաեւ, որ հատորը կ՛ընդգրկէ քաղաքական կեանքին վերաբերող դրուագներ, ինչպէս` 1960-ական թուականներուն, երբ հայեր, յատկապէս ՀՅԴ-ի ղեկավարներ, հետապնդուած, բանտարկուած ու սպաննուած էին Սուրիոյ մէջ: Ան 226 էջնոց հատորը արժանի նկատեց թարգմանուելու արաբերէնի ու անգլերէնի:
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովհան արք. Տէրտէրեանի ներկայացուցիչ Յովսէփ Ա. քհնյ. Յակոբեան, դրուատեց հեղինակը, որ ամէն բան հաւատքով ու սիրով կը կատարէ. ան նաեւ կարդաց առաջնորդին շնորհաւորական գիրը:
Աւարտին շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ հեղինակը:
«Նարեկացի» Շքանշանը Շնորհուեցաւ
Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանին
Մարտ 16-ին Իրանահայ միութեան Կլենտէյլի կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի Հայոց լեզուի եւ մշակոյթի ուսմանց բարեկամներ կազմակերպութեան տարեկան 11-րդ ձեռնարկը, որուն ընթացքին «Նարեկացի» շքանշանով մեծարուեցաւ հայոց պատմութեան երկարամեայ դասախօս փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան:
Սրահի մուտքին ցուցադրուած էին փրոֆ. Յովհաննէսեանին հեղինակած գիրքերը:
Ձեռնարկին կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով բարի գալուստի խօսքեր արտասանեցին Անի Այվազեան ու Հիլտա Ֆիտանեան, որոնց յաջորդեց օրուան հանդիսավար Ալիս Պետրոսեանին ելոյթը, ապա Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի Հայոց լեզուի եւ մշակոյթի ուսմանց բարեկամներ կազմակերպութեան ատենապետ դոկտ. Յասմիկ Պարան խօսք առնելով` լուսարձակի տակ առաւ մեծարեալին գլխաւոր իրագործումները:
Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցաւ մեծարեալին մասին Արա Սողոմոնեանին պատրաստած ժապաւէնը, ուր բազմաթիւ վկայութիւններ կային փրոֆ. Յովհաննէսեանի ուսանողներուն կողմէ:
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր փրոֆ. Փիթըր Քաուի` Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի հայագիտութեան «Նարեկացի» ամպիոնին վարիչը: Ան խօսեցաւ հայոց պատմութեան եւ ընդհանրապէս հայագիտական ուսմանց զարգացման մէջ մեծարեալին արժէքաւոր ներդրումին մասին, որմէ ետք տեղի ունեցաւ մեծարեալին դստեր` Անի Յովհաննէսեանին, պատրաստած ու իր հօր նուիրուած ժապաւէնին ցուցադրութիւնը:
Տեսերիզի միջոցով Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի հայոց լեզուի եւ մշակոյթի կեդրոնի դասախօսներէն փրոֆ. Տէյվիտ Մայըրզ շնորհաւորեց մեծարեալը, ապա մեծարեալին զաւակը` Արմէն Յովհաննէսեանը ներկայացուց «Յովհաննէսեան մարդը» նիւթը:
Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:
Աւարտին բեմ բարձրացաւ փրոֆ. Ռ. Յովհաննէսեան, որուն յանձնուեցաւ «Նարեկացի» շքանշանը` դոկտ. Յասմիկ Պարանի ձեռամբ: Մեծարեալին յանձնուեցաւ նաեւ Հայաստանէն խումբ մը մտաւորականներու, ինչպէս նաեւ իր ուսանողներուն կողմէ շնորհաւորական գիրեր: Ապա ան հանդէս եկաւ շնորհակալական խօսքով:
Քանատա
Դեսպան Ա. Եկանեանին Այցելութիւնները
Մարտ 28-ին Հայաստանի դեսպան Արմէն Եկանեան հանդիպում ունեցաւ Քանատայի քաղաքացիութեան, ներգաղթի եւ բազմամշակութեանութեան նախարար Ճէյսըն Քենիին:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայ-քանատական երկկողմ յարաբերութիւններուն եւ տնտեսական կապերուն վերաբերող հարցեր: Կողմերը շեշտեցին կարեւորութիւնը Քանատայի ներդրումներու ծաւալներու ընդլայնումին Հայաստանի մէջ, նաեւ` հայ-քանատական առեւտրատնտեսական կապերը զարգացնելու անհրաժեշտութեան:
Հանդիպումի աւարտին կողմերը գոհունակութեամբ ընդգծեցին կողմերուն միջեւ ներկայ յարաբերութիւններուն բարձր մակարդակը:
Արժանթին
Ֆրանսախօսութեան Նուիրուած Ձեռնարկներ
Կազմակերպութեամբ Արժանթինի մէջ հաւատարմագրուած եւ կազմակերպութեան անդամ հանդիսացող 31 երկրներու դեսպանութիւններուն, որոնց մէջ նաեւ` Հայաստան, 20 մարտին Պուէնոս Այրեսի մէջ տեղի ունեցան շարք մը ձեռնարկներ` նուիրուած ֆրանսախօսութեան:
Կեդրոնական հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Արժանթինի արտաքին գործոց նախարարութեան «Մանուէլ Պելկրան» սրահին մէջ, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան Արժանթինի արտաքին գործոց նախարարի առաջին փոխնախարար Էտուարտօ Սուային, Ֆրանսայի դեսպան Ժան Փիեռ Աստուածատուրեան, Քանատայի դեսպան Քվիեթ Կուց, Վրաստանի դեսպան Կելա Սեխնիաշվիլի, Քոնկոյի գործերու հաւատարմատար Հեմփա Լոհակա: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում` Արժանթինի ազգային հերոս, զօրավար Սան Մարթինի յուշարձանին դիմաց:
Մայրաքաղաքի կեդրոնական «Սան Մարթին» հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ ժողովրդային տօնախմբութիւն, որուն մասնակցող երկիրները ներկայացուեցան առանձին տաղաւարներով` իրենց շրջաններու յատուկ ազգային ուտելիքներով, ձեռային աշխատանքներով եւ երկիրներու մասին պատմող տպագրութիւններով:
Հրապարակին մէջ հանդէս եկան ազգային պարախումբեր, ինչպէս` հայկական տեղական «Գայեանէ» պարախումբը:

