Խորհուրդներ` Կեանքին Որակը Բարելաւելու Համար

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

  • Ամէն օր քնացէք եւ արթնցէք նոյն ժամերուն:
  • Նախաճաշեցէք, ճաշեցէք եւ ընթրեցէք նոյն ժամերուն. ձեր գործարանները շնորհակալ կ՛ըլլան ձեզի…
  • Քնացէ՛ք առնուազն 8 ժամ:
  • Քնանալէ առաջ մաքուր օդին քալեցէք առնուազն կէս ժամ եւ առնուազն 1 ժամ առաջ օդափոխեցէք ձեր սենեակը:
  • Օրական մէկուկէս լիթր ջուր խմեցէք:
  • Ջանացէք օրական պտուղ, բանջարեղէն եւ ընդեղէն ուտել:
  • Առտուները առնուազն կէս ժամ վազեցէք:
  • Օրական մէկ ժամէն աւելի համակարգիչին առջեւ մի՛ նստիք:
  • Բնական բաղադրատարրերով դէմքի դիմակներ գործածեցէք:
  • Լուսանկարուեցէ՛ք ձեր արձակուրդի օրերը, կամ` որեւէ հաճելի պահ:
  • Ժպտեցէք:
  • Օրական 5 հատ նոր, օտար բառ սորվեցէք:
  • Օրական կոկեցէք ձեր սենեակը, թափեցէք անպէտք իրերը, ջրեցէք տան բոյսերը:
  • Օրական 10-15 էջ կարդացէք:
  • Օրական ժամ մը յատկացուցէք ձեր ծնողներուն, օգնեցէք անոնց, զրուցեցէք եւ ի հարկին խորհուրդներ առէք:
  • Ուշադրութիւն դարձուցէք ձեր խօսքերուն եւ արտայայտութիւններուն, անտեղի մի՛ ցաւցնէք ձեր շրջապատը:
  • Հոգ չէ թէ` շատ չնչին, օրական բան մը ըրէք եւ մէկը ուրախացուցէք:
  • Մարձումի սրահներ այցելեցէք եւ ամիսը մէկ-երկու անգամ դուք ձեզ շփացուցէք:
  • Արձակուրդի օրերուն հրաժարեցէ՛ք շպարէն եւ առիթ տուէք, որ ձեր մորթը հանգիստ շնչէ:
  • Գոց սորվեցէք ձեր հաւնած մէկ բանաստեղծութիւնը կամ երգը:
  • Փորձեցէք շաբաթը առնուազն երկու օր բուսակեր դառնալ:
  • Ձեր արձանագրած յաջողութիւնները, լսած գնահատական խօսքերը գրի առէք:
  • Գումար խնայեցէք:
  • Օրուան աւարտին յիշեցէք լաւ բաները եւ անոնց վրայ կեդրոնացէք:
  • Հրաժարեցէք յոռետեսութենէ:
  • Ահա այս եզրակացութեան եկած են ճափոնցի բժիշկներ, սննդագէտներ եւ հոգեբաններ` երկուքուկէս տարուան վրայ աւելի քան 150 չափահասներու վրայ իրենց կատարած փորձերէն ետք:

 

Հետաքրքրական

Հովանոցին Պատմութիւնը…

Հովանոցը ծագում առած է Ճափոնէն: Ք. Ա. Ժ. դարուն ատաղձագործ մը իր կնոջ համար «տանիք» կը պատրաստէ, որպէսզի կինը իրեն հետ տեղափոխէ…

Առաջին հովանոցը 2 քիլօ ծանրութիւն ունէր, իսկ բռնակին երկարութիւնը մօտ մէկուկէս մեթր էր: Այդ օրերուն հովանոցը կը գործածուէր միայն արեւէն պաշտպանուելու համար:

Հակառակ որ հովանոցին հեղինակը սովորական արհեստաւոր էր, սակայն զայն օգտագործելու իրաւունքը ունէին արքայական ընտանիքին անդամները եւ հասարակութեան մէջ բարձր դիրք ունեցող մարդիկ: Հովանոցը իշխանութեան եւ ընտրեալ ըլլալու խորհրդանիշ էր: Այդ Սիամի (ներկայիս Թայլանտ) թագաւորին հովանոցը ոսկեզօծ էր եւ զարդարուած` ադամանդներով:

Հին Եգիպտոսի  մէջ հովանոցները երկու դեր ունէին. կը պաշտպանէին արեւէն եւ իշխանութիւն կը խորհրդանշէին: Եգիպտական փարաւոններուն հովանոցները կը պատրաստուէին արմաւենիի տերեւներէն եւ թռչուններու փետրուրներէն, եւ բնականաբար անոնք աւելի թեթեւ էին, քան ճափոնականները:

Արեւելքէն հովանոցները անցան Հին Յունաստան, ապա Հռոմ, ուր կիներն էին առաւելաբար հովանոց կրողները, որպէսզի պահպանեն իրենց մորթին սպիտակութիւնը…

Արեւելեան Եւրոպայի մէջ հովանոցը յայտնուեցաւ ԺԷ. դարուն Ֆրանսայի մէջ զայն կը կոչէին «փարասոլ» եւ դարձեալ կ՛օգտագործուէր արեւի ճառագայթներէն պաշտպանուելու համար:

Առաջին նորաձեւ հովանոցը կը պատկանի Մարի Անթուանեթին. անոր գեղեցիկ հովանոցը կը կշռէր մէկուկէս քիլօ, այս պատճառով ալ պալատին մէջ յառաջացաւ նոր պաշտօն` «հովանոց կրող»: Հովանոցի մեծագոյն երկրպագուն եղած է Լուտովիկոս ԺԴ.-ը, որուն հովանոցները ամենաշքեղներն էին:

Առաջին մարդը, որուն մտքէն անցաւ հովանոցի միջոցով անձրեւէն պաշտպանուիլ, անգլիացի ճանապարհորդ Ճոն Հանուէյն էր` 1822 թուականին, լոնտոնի մէջ: Մինչ այդ փափկասուն տիկնայք եւ պարոնայք անձրեւոտ օրերուն պարզապէս տունէն դուրս չէին ելլեր:

ԺԹ. դարու քառասունական թուականներուն յայտնաբերուեցան ծալուող հովանոցները, եւ ժանակեզարդ հովանոցները իրենց տեղը զիջեցան աւելի գործնական տեսակներուն:

Մեր օրերուն հովանոցներու առանձնայատուկ նորաձեւութիւն չկայ: Կան տարբեր չափի, ձեւի, գոյնի հովանոցներ, զորս մարդիկ կ՛ընտրեն ըստ ճաշակի:

 

Նորաձեւութեան Աշխարհէն

Մատանիներ` Բոլոր Մատներուն

 

 

 

 

 

 

 

 

Նորաձեւութեան շրջանակներու կարծիքով, այս տարի գարուն-ամառ եղանակի վերջին նորոյթը կը համարուին «օլ-ֆինկըր ռինկզ» մատանիները, որոնք պիտի զարդարեն ձեռքերուն տասը մատները:

Այս իւրայատուկ աքսեսուարները կարելի է կրել ցերեկային, թէ գիշերային հագուստներու հետ եւ անկասկած պիտի գրաւեն բոլորին ուշադրութիւնը:

 Կրկնակօշիկներու Վերադարձը

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Ժամանակին կրկնակօշիկները իւրաքանչիւրի պահարանի անփոխարինելի մասնիկն էին: Զայն կը կրէին փոքրերը, կիները եւ տղամարդիկ: Անձրեւները եւ ցեխը կօշիկներու առաջին թշնամիներն են:

Նորվեկիական Swims վաճառանիշը շուկայ իջեցուցած է նորաձեւ, քաուչուք կրկնակօշիկներ, զորս կարելի է կրել նոյնիսկ բարձրակրունկ կօշիկներու վրայէն: Գունաւոր այս կրկնակօշիկները մեծ ընդունելութիւն գտած են շատերու կողմէ:

 

Մեր Զաւակները Եւ Մենք

Մանկական Պատուիրաններ

Հետաքրքրական է իմանալ, թէ ի՛նչ կը խնդրեն երեխաները ծնողներէն եւ առհասարակ մեծերէն:

  • Տաք ուտելիքներէն եւ հագուստներէն բացի, ինծի տուէք հոգեկան ջերմութիւն, հոգատարութիւն եւ ձեր սէրը:
  • Ինծի հետ խօսեցէ՛ք սիրտով եւ ձեռքերով, որովհետեւ բառերը յաճախ անհասկնալի են ինծի:
  • Ուժ մի՛ գործադրէք ինծի հանդէպ, որովհետեւ ատիկա ինծի կը սորվեցնէ, որ ուժի միջոցով ամէն ինչ կարելի է լուծել:
  • Առաջնորդեցէ՛ք զիս, եւ ես կու գամ ձեր ետեւէն:
  • Մի՛ խոստանաք այն, ինչ որ պիտի չկատարէք:
  • Օտար մարդոց ներկայութեան ինծի դիտողութիւն մի՛ ընէք, ես ամէն ինչ աւելի լաւ կը հասկնամ, եթէ դուք առանձին ու հանդարտ զրուցէք ինծի հետ:
  • Այնպէս մը ըրէք, որ ես զգամ իմ կարեւորութիւնս եւ իմ դերս մեր ընտանիքին մէջ:
  • Օգնեցէ՛ք ինծի, որպէսզի երբեք չվախնամ, որ ձեր սէրը կրնամ կորսնցնել:
  • Բացատրեցէք ինծի չարին եւ բարիին տարբերութիւնը:
  • Քաջալերեցէք իմ առաջին նախաձեռնութիւններս, նոյնիսկ եթէ ես տակաւին հարիւրաւոր սխալներ կ՛ընեմ:
  • Մի՛ պատժէք զիս ձախողութիւններուս համար: Գնահատեցէք եւ քննադատեցէք ոչ թէ զիս, այլ իմ արարքներս:

 

Նշանաւոր Կիներու Խօսքերէն

«Ընտանիքը պէտք է կեդրոն ըլլայ, բայց երբեք` կնոջ աշխարհի սահմանը»:

ՄԱՐԿԱՐԵԹ ԹԱՉԸՐ

* * *

«Կարելի չէ բարեւել բռունցք ըրած»:

«Պատմութիւնը լաւագոյն ուսուցիչն է, որ շատ վատ աշակերտներ ունի»:

ԻՆՏԻՐԱ ԿԱՆՏԻ

* * *

«Որքան սէր, իմաստութիւն, գեղեցկութիւն, բարութիւն բացայայտէք ձեր մէջ, այնքան շատ նոյն բանը կը նկատէք ձեր շրջապատին մէջ»:

«Աշխարհը սկիզբ կ՛առնէ ժպիտէն»:

ՄԱՅՐ ԹԵՐԵԶԱ

* * *

«Աղքատութենէն ձերբազատիլը պէտք է սկսի գլուխէն»:

ՀԻԼԱՐԻ ՔԼԻՆԹԸՆ

* * *

«Կիները անշուշտ աւելի խելացի են: Դուք երբեւէ լսա՞ծ էք, որ կին մը գլուխը կորսնցնէ տղամարդու գեղեցիկ սրունքներու համար»:

ՖԱՅԻՆԱ ՌԱՆԵՍԿԱՅԱ

* * *

«Չկան տգեղ կիներ, կան ծոյլեր»:

«Եթէ կը փափաքիք ունենալ այն, ինչ երբեք չէք ունեցեր, ուրեմն ստիպուած էք ընել այն, ինչ երբեք չէք ըրեր»:

ԳՕԳՕ ՇԱՆԷԼ

 

Խոհագիր

Խնձորով Աղցան

Բաղադրութիւն

– 3 հատ խաշած հաւկիթ
– 3 հատ կանաչ թթու խնձոր
– 150 կրամ պանիր (ըստ ճաշակի)
– 200 կրամ մայոնեզ
– 2 պճեղ սխտոր
– Հազարի տերեւներ
– Կանաչ սոխ
– Կիտրոնի կեղեւի տաշուք
– Աղ

Պատրաստութիւն

Ամանի մը մէջ քերոցէ անցընել պանիրը, խնձորն ու խաշած հաւկիթները: Աւելցնել ճզմուած սխտորն ու աղը:

Խառնուրդին աւելցնել մայոնեզն ու կիտրոնի կեղեւի տաշուքը եւ խառնել:

Ներկայանալի ամանի մը յատակը ծածկել մանրուած հազարի տերեւներով, վրան ձեւաւորել աղցանը եւ երեսը զարդարել մանրուած կանաչ սոխով:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Տարիներ Յետոյ Քեզ Տեսայ Նորից

Տարիներ յետոյ քեզ տեսայ նորից,
Սիրտս արտասուեց, բայց ժպտացի ես,
Նոյն աղջիկն էիր` չքնաղ բոլորից,
Հոգուս մտերիմ, հարազատ այնպէ՛ս:
Աչքերդ մեղմով հանգչեցին վրաս,
Ես հպարտ ու վես անցայ քո մօտով.
Շուրջս ծածանուեց լուսեղէն երազ.
Եւ ետ նայեցի անզուսպ կարօտով:
Սուտ է, նազելիս, չի զատել երբեք,
Երբեք չի զատել մեզ կեանքը դաժան.
Քո՛յր իմ, ամոքիր սիրտս վշտաբեկ,
Տե՛ս քոնն եմ ես միշտ, քո՛ն եմ յաւիտեան:

Ա. ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES