50 Տարի Առաջ (4 Ապրիլ 1963)
Նոթեր Ու Նետեր
Դժուար Է Ֆրանսան Կառավարելը
Դժուա՜ր, շա՜տ դժուար է Ֆրանսան կառավարելը, քանի որ իր գինիներուն չափ կուսակցութիւններ ունի:
Դժուա՜ր է Ֆրանսան կառավարելը, որովհետեւ ամէն մէկ կուսակցութեան մէջ այնքան գաղափարներ կան, որքան որ պանիրի տեսակ կայ երկրին մէջ (Ֆրանսան 246 տեսակ պանիր ունի, եւ որդնոտածները յարգի են):
Դժուար է Ֆրանսան կառավարելը, որովհետեւ իր նահանգները շատ են: Իւրաքանչիւր նահանգ համայնք մըն է, իր սեփական բարբառով, բարքերով, զինանշանով, տարազով, դրօշով եւ անշուշտ` գինիով ու պանիրով: Եթէ նահանգները կապուած են իրարու, միացած չեն, իսկ եթէ միացած են, կապուելիք են:
Դժուար է Ֆրանսան կառավարելը, որովհետեւ իր սունկերուն չափ թերթեր ունի: Եւ թերթերէն ոմանք շատ աւելի թունաւոր են, քան սունկերը:
Դժուար է Ֆրանսան կառավարելը, որովհետեւ ամէն մէկ ֆրանսացի կը փափաքի երեսփոխան ըլլալ: Ամէն մէկ նախարար կը տենչայ վարչապետ ըլլալ: Քաղաքական իղձեր չունեցողներն ալ կ՛ըղձան դառնալ պետական պաշտօնեայ, իսկ պետական պաշտօնի աչք չունեցողներն ալ կը ձգտին դառնալ քրմապետ Բագոսի բագինին, այսինքն` տէր գինետունի, որ կը բանի նման դրամատունի: Եւ կը բերէ առաւել շահ: Կանկըստերներէն ալ կողոպտուելու վախ չունի:
Դժուա՜ր, շա՛տ դժուար է Ֆրանսան կառավարելը, որովհետեւ իշխողները կիներն են, մանաւանդ` գեղեցիկ ու գերազօր կիները, որոնք աշխատասէր են ու անկախասէր, նոյնիսկ կախելը սիրող եւ աշխատցնող: Բազմաթիւ տուներու մէջ աւել գործածողները, պնակ մաքրողները ու նոյնիսկ ճաշ պատրաստողները այրերն են: Կիները կը կրեն տաբատ ու կը գործածեն փայտ:
Դժուար է Ֆրանսան կառավարելը, որովհետեւ մէկը «կեցցէ՛» կը պոռայ, ուրիշ մը «անկցի՛» կ՛աղաղակէ, մէկը «պռաւօ՛» կը գոչէ:
ուրիշ մը «կախաղան» կը կանչէ, տակաւին կան միլիոնաւոր «այո՛», աղաղակողներն ու միլիոնաւոր «ո՛չ» գոռացողները: Մարդ փափաք կ՛ունենայ ականջները խցելու կամ խլանալու:
Դժուար է Ֆրանսան կառավարելը, որովհետեւ վազողները բազմաթիւ են, նստողները` աւելի բազմաթիւ, իսկ պառկողները` անթիւ:
Դժուար է Ֆրանսան կառավարելը, որովհետեւ հակառակ 47 միլիոն բնակչութեան` հարիւր միլիոն ուտող, խմող ու կլլող ունի:
Դժուա՜ր, շատ ու շա՜տ դժուար է Ֆրանսան կառավարելը, որովհետեւ նոր Բաբելաստան մըն է, Փարիզը նոր Բաբելոն մըն է, իսկ Էյֆելի աշտարակն ալ Բաբելոնի աշտարակն է: Նոր Բաբելոնի մէջ հազար լեզու կը խօսուի. ամէն մէկ խօսող ունի չորս-հինգ լեզու, իսկ ամէն մէկ լեզու ալ ունի իր լեզուակները:
Բաբելոնը կառավարելու համար Բէլ մը պէտք է:
Բէլը հսկայ մըն է հասակով:
Ոմանք կը պոռան.
– Բէլը բռնակալ մըն է:
Այլք կը գոռան.
– Բէլը բռնակալութեան կը ձգտի:
Ուրիշներ կը տրամաբանեն.
– Բարձրահասակ Բէլ մը բռնակալութեան կ՛երթայ կամայ ակամայ:
Սակայն ամէն մէկ ֆրանսացի գիտէ Պղատոնին յայտնած ճշմարտութիւնը. «Այն, որ իրապէս բռնակալ մըն է, իրապէս ալ ստրուկ մըն է»:
Բարեբախտաբար Ֆրանսան ո՛չ երկիր է բռնակալի, ո՛չ ալ ստրուկի:
Ֆրանսայի մէջ ազատութիւնն ալ գինի է, բռնակալութիւնն ալ:
Գինին ազատութեան պէս կը բարեգործէ, իսկ նոյն գինին բռնակալութեան պէս կը չարագործէ:
Դժուար է գինին կառավարելը, քանի որ գինին ինքը կառավարիչ մըն է անկարգ:
Ն. ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ
Հայ Կեանք
Հարաւային Ամերիկայի «Արմենիա» Երիտասարդական
Միութեան 22-րդ Պատգամաւորական Ժողովը
Հարաւային Ամերիկայի «Արմենիա» երիտասարդաց միութեան 22-րդ Պատգամաւորական ժողովը գումարուած է 1963, յունուար 26-ին, Մոնթէվիտէոյի (Ուրուկուէյ) «Ա. Վռամեան» ակումբին մէջ, խանդավառ եւ համերաշխ մթնոլորտի մը մէջ:
Երեք օր տեւած յաջորդական նիստերու ընթացքին ժողովը աւարտած է իր աշխատանքները եւ ընտրած` միութեան նոր Կեդրոնական վարչութիւնը մէկ տարուան համար:
Պատգամաւորական ժողովին նախորդող եւ յաջորդող քանի մը օրերը տօնական օրեր եղած են: Տեղի ունեցած են ընկերական հաւաքոյթներ, երգահանդէս, պարահանդէս եւ այլն:
Ակումբին մուտքը լոյսերով ողողուած` դրօշակազարդուած է Ուրուկուէյի, Պրազիլի, Արժանթինի եւ հայկական փառաշուք եռագոյն դրօշակներով:
«Արմենիա» երիտասարդաց միութեան գլխաւոր կեդրոններն են` Մոնթէվիտէոն, Պրազիլը եւ Պուէնոս Այրէսը:
Աւելի քան հազար անդամ-անդամուհիներով, խումբերէ բաղկացած պարզ մշակութային միութիւն մը չէ, այլ նաեւ կը հետապնդէ ազգային քաղաքական իտէալ մը: Իր հիմնական նպատակն է Հայ դատը, հայը հայ պահել օտար հորիզոններու տակ` տեւականացնելու համար Հայ դատի հետապնդումը:
«Արմենիա» երիտասարդաց միութիւնը կը գործէ Հ. Յ. Դաշնակցութեան հայրենաշունչ մթնոլորտին մէջ:
Պատգամաւորական ժողովը տուած է հետեւեալ որոշումները.
1.- Միութեան կազմակերպչական մեքանան եւ խումբերու գործունէութիւնը աւելի կատարեալ վիճակի վերածել:
2.- Զօրացնել մշակութային աշխատանքը եւ ձեռնարկները:
3.- Հայերէնի եւ հայագիտական առարկաներու դասընթացքները աւելի ամուր հիմերու վրայ դնել եւ նախաձեռնել նոր դասընթացքներու այն շրջաններուն մէջ, ուր գոյութիւն չունին:
4.- Ուժ տալ հայ երգի եւ երաժշտութեան տարածման եւ ստեղծել նուագախումբեր եւ երգախումբեր այն վայրերուն մէջ, ուր գոյութիւն չունին:
5.- Ուժ տալ մարզական շարժման:
6.- Տարածել միութեան պաշտօնաթերթ «Կամք»-ը նոր շրջանակներու մէջ:
7.- Մասնաւոր ուշադրութիւն դարձնել պատանեկան խումբերու կազմութեան:
8.- Ազգայնաշունչ մթնոլորտ ստեղծել` իր հիմնական նպատակին` հայ ազգային բաղձանքներու եւ իտէալներու իրագործման գաղափարին քարոզչութեամբ:

