Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ձեր բարեկամները պիտի փորձեն փոխել ձեր գաղափարները, քանի որ կը պնդէք անկարելի հարցեր արծարծել: Հետեւեցէք անոնց իմաստուն խրատին:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր ներքին յուզումները մի՛ արտայայտէք, այլ քաջութեամբ ծածկեցէք զանոնք, որպէսզի ծիծաղելի ըլլալու առիթներ չտաք ոեւէ մէկուն: Խաղաղ եղէք: Ամէն ինչ անցողակի է:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Արտասահմանէն լաւ լուրեր պիտի ստանաք: Ձեր նախազգացումները իրաւացի են, հետեւաբար հետեւեցէք անոնց: Օրը ունի գոհանալու հաճելի պահեր:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Համբերող պէտք է ըլլաք այս օրերուն, ապա թէ ոչ պիտի դժգոհիք: Որպէսզի մնաք խաղաղ սրտով, պէտք է պտոյտ մը կատարէք բարեկամներով: Դուք ձեզ զուարթ պահեցէք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Կը սիրէք, որ ձեր շուրջինները ձեզ մտիկ ընեն: Ուրեմն պէտք է խօսիք զուսպ եւ զօրաւոր, որպէսզի գնահատեն ձեզ: Պիտի ուրախանաք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Հեռու մնացէք շաղակրատ եւ շատախօս անձերէ: Անոնք կրնան փորձել ձեզ համոզել իրենց նպատակը յաջողցնելու, բայց դիւրին պատասխան մի տաք եւ մի քաջալերէք զանոնք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Դուք ձեզ պիտի մղէք յառաջանալու գործ մը կատարելու համար: Պիտի կարենաք ձեր նպատակը իրագործել եւ գոհանաք այս յաջողութեամբ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ժամանակը կ՛անցնի արագ, հարկ է իրագործել որոշուած ծրագիրը: Ոչինչ ձգեցէք վաղուան, ծուլութեամբ կամ անտարբերութեամբ մի՛ տարուիք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Պիտի յաղթէք առաջին ակնարկով իսկ: Հաստատեցէք ձեր ներկայութիւնը եւ գործի անցէք: Յաջողութիւնը պէտք է հետապնդել:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր գործերը պիտի գնահատուին, եթէ նոյնիսկ արտայայտուող չըլլայ այդ մասին: Վստահութիւն ունեցէք ձեր անձին վրայ: Օրը յաջող է:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեզի կը պատկանի բախտի տիրանալու առիթը: Փորձեցէք այն, զոր չէք փորձեր սովորաբար: Յանդուգն եղէք, կը շահիք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Երբեմն կը մտածէք, թէ ի՛նչ բանի պէտք ունիք: Շուարելու պէտք չունիք, մտածեցէք, թէ ի՛նչ բան կ՛ուզէք ընել: Օդին մէջ մի՛ մնաք:

Share this Article
CATEGORIES