Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Իրազեկ Մարտահրաւէրներու Սեմին…
Երբ Երեւանի մէջ անցեալ շաբաթավերջին «Հայոց Ցեղասպանութիւն. մարտահրաւէրներ` հարիւրամեակի նախաշեմին» խորագիրով միջազգային գիտաժողովը սկսած էր իր երկօրեայ աշխատանքներուն, միեւնոյն ժամանակ այդ նոյնինքն նիւթին ու բնագաւառին առնչութեամբ դէպքեր ու իրադարձութիւններ կը կատարուէին եւ զգօն հայորդիին համար յստակ էր, թէ ինչե՜ր կրնան պատահիլ յառաջիկայ երկու տարիներուն:
Ակնթարթ մը, մէկդի դրած մասնակցող ժողովականներէն ոչ շատ հեռու, քանի մը շաբաթներէ ի վեր «Բարեւ» յեղափոխութեան ստեղծած կացութիւնն ու նոյնինքն համագումարը կայացուող քաղաքի յառաջիկայ շաբաթներու քաղաքապետարանի ընտրութիւնները, Հայ դատի բնագաւառին մէջ կատարուեցան քանի մը հետաքրքրական անցուդարձեր:
Հաւանաբար տեղին է սկսիլ ի նպաստ հայութեան ու Հայ դատի նիւթով: Արդարեւ, մարտ 22-ին, Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդի մէկ նստաշրջանին մեծամասնութեան ձայներով ընդունուեցաւ Ցեղասպանութեան կանխարգիլման վերաբերող բանաձեւը: Հայաստանի նախաձեռնութեամբ ներկայացուած այս բանաձեւին կարեւոր եւ ընդգծելի կէտերէն մէկը ա՛յն է թէ նաեւ կը նշուի, որ անցեալին գործուած ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակին ազգային օրեր սահմանելու կոչ պէտք է որ կատարուի, որպէսզի նման զարհուրելի ոճիրներ երբե՛ք չմոռցուին:
Ժընեւի մէջ, երբ այսպիսի որոշում կ՛որդեգրուէր, գրեթէ միեւնոյն ժամանակ Ատլանտեանի միւս կողմը այլ որոշում մը կը վաւերացնէր Միացեալ Նահանգներու պատմութեան ռահվիրա նահանգներէն Փենսիլվանիան… ճանչնալով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մեքենայի խեղաթիւրած, այսպէս կոչուած Խոջալուի ցեղասպանութիւնը:
Այսպէս, Մեքսիքօ Սիթիի մէջ վար առնուած Իլհամ Ալիեւի վիթխարի արձանի դէպքէն ետք Պաքու կրկնապատկած է իր քարոզչական աշխատանքը եւ հետեւողական աշխատանք կը տանի զանազան երկիրներու մէջ: Փենսիլվանիան` Միացեալ Նահանգներու անդրանիկ նահանգը չէր որ դարձած էր զոհը ազերի թակարդին: Նախապէս Մէյն, Միսիսիփի, Թեքսաս, Թենըսի, Արքանսաս, Օքլահոմա եւ Նիւ Մեքսիքօ նահանգներն ալ ինկած էին նոյն ծուղակին մէջ, սակայն Փենսիլվանիոյ նման նահանգի մը եւ իր կարեւորագոյն քաղաքի` Ֆիլատելֆիոյ «խաբկանք»-ն է, որ մեծ մտահոգութիւն կը ստեղծէ եւ յաւելեալ լուրջ մտահոգութիւններու դուռ կը բանայ:
Դեռ աւելի՛ն, այդ միեւնոյն գիտաժողովի օրերուն էր, որ Թուրքիոյ ազդեցիկ այլախոհ լրագրողներէն Հասան Ճեմալ, որ 1915-ի տեղահանութեան գործադրութեան կարեւոր դէմքերէն Ճեմալ փաշայի թոռը ըլլալով հանդերձ, կը հաստատէ, թէ այդ օրերուն պատահածը ցեղասպանութիւն է… գործէ արձակուած է իր «խնդրայարոյց» կարծիքներուն եւ դիրքորոշումներուն պատճառով:
Այսպէս, 1915-ի ջարդերէն մինչեւ …Խոջալուի երեւակայական ցեղասպանութիւն:
Ճամբան երկար է, եւ փշոտ:

