Ապահով Հայաստան

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Այս կարգախօսը, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ընտրապայքարի նշանաբանն էր, չենք կրնար կուսակցական մօտեցումներով գնահատականներու ենթարկել: Ապահովութեան հարցը թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին սպառնալիքներու տեսակէտէն, համայն ազգի մտահոգութեան կիզակէտն է:

Հայոց պետականութեան վերականգնման երկունքի օրերուն, հակառակ հազար ու մէկ փորձութիւններու, հակառակ երկար տարիներ պետականութենէ զուրկ ժողովուրդ ըլլալու անփորձութեան, հայկական քաղաքական ուժերը, գործիչները ու ընդհանրապէս լայն զանգուածները յստակ դարձուցին, որ երբե՛ք, երբեք չեն կրնար հանդուրժել ներքին արիւնալի ճակատում: Այս մօտեցումին արտայայտութիւններէն էր, օրինակ, այն խոր ընդվզումը, այն համատարած զայրոյթը, զոր պատճառեցին ՀԱԲ-ի մարտիկներուն դէմ յարձակումները, հոկտեմբեր 27, 1999-ի սպանդը Հայաստանի խորհրդարանին մէջ, Մարտ 1, 2008-ի իշխանական ուժերու կողմէ արիւնալի սադրանքը, եւ տակաւին վերջերս իրականացած նախագահական թեկնածու Պարոյր Հայրիկեանին դէմ ահաբեկչութիւնը:

Հիմա ալ, հայկական բոլոր ուժերը պարտին միահամուռ կերպով դատապարտել ազատամարտիկ, Պռօշեանի գիւղապետ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անդամ Հրաչ Մուրադեանի սպանութիւնը եւ դրսեւորել իրենց անհանդուրժողութիւնը երկրին մէջ ահաբեկչական որեւէ արարքի հանդէպ:

Ապահով Հայաստան ունենալը իւրաքանչիւր հայու երազն է, եւ պետութիւնը միակ երաշխաւորն է այդ երազի իրականացման: Այսօր, հաւանաբար, աւելի քան երբեք, մենք մեզի պէտք է յիշեցնենք, թէ քաղաքական ներքին լարուածութիւնները կրնան վտանգաւոր զարգացումներու առաջնորդել` պղտոր ջուրերու մէջ ձուկ որսացողներուն հրաշալի պատեհութիւններ ընձեռելով:

Յիշենք ու առաջին հերթին իշխանաւորներէն պահանջենք, որ լարուածութեան տեղիք տուող գործելակերպէն ընդհանրապէս ձեռք քաշեն, որ երկրի ապահովութիւնը ամրօրէն խարսխեն իսկական ժողովրդավար կռուաններու վրայ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES