Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Մարսողական Խանգարումներ» Նիւթով
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 3 ապրիլ 2013-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մարսողական խանգարումներ» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց վիրաբուժ տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան:
Առողջապահական յանձնախումբին անունով ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան: Ան ծանօթացնելէ ետք դասախօսը
նշեց, որ մարսողական խանգարումներուն պատճառները այլազան են` ամէնէն պարզ անմարսողութեան ցաւերէն եւ խիթերէն մինչեւ բարդ հիւանդագին վիճակներ:
Տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան դասախօսութեան սկսաւ բացատրելով վերին մարսողական ուղին եւ անոր բնական եւ անբնական վիճակներն ու կացութիւնները: Ան նշեց, որ մարսողական ուղին կը սկսի բերնի խոռոչով, այստեղ է, որ կը սկսի ածխաջուրերու մարսողական ընթացքը: Բերնի խոռոչին մէջ կը գտնուին թքարտադրութեան երեք գեղձեր, որոնց արտադրութեամբ կը սկսի մարսողական ընթացքը:
Բերնի խոռոչի շարունակութիւնը կը հանդիսանայ ըմպանը, որ իր կարգին կը բաժնուի շնչափողի ու կերակրափողի: Ըմպանին միջոցով է, որ ճաշը մինչեւ կերակրափող կլլելու եւ հասնելու ընթացքը տեղի կ՛ունենայ: Կուլ տալու տարբեր տեսակի խանգարումները ունին իրենց պատճառները` առնչուած ջղային համակարգի, ստամոքսի տարբեր խանգարումներու եւ այլն: Պէտք է յիշել, որ կուլ տալու տարբեր դժուարութիւնները կանուխ ազդանշան են ուղեղային տարբեր հիւանդութիւններու, զորս կրնայ խնդրոյ առարկայ անհատը դիմագրաւել:
Տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան բացատրեց կերակրափողի պարտականութիւնները: Անիկա երկար խողովակ մըն է` կոկորդէն մինչեւ ստամոքս երկարող: Կերակրափողի տարբեր խանգարումներու ախտանշանը կրնայ ըլլալ կրծքացաւը: Դասախօսը բացատրեց, որ այս պարագային մասնագէտ բժիշկի դիմելը ճիշդ որոշում է` ճշդելու կրծքացաւի պատճառներուն մարսողակա՞ն, թէ՞ սրտանօթային ըլլալու հաւանականութիւնը:
Յաջորդ բաժինը մարսողական համակարգի` ստամոքսն է: Նկատի պէտք է ունենալ, թէ սպիտակուցներու մարսողական ընթացքը կը սկսի ստամոքսին մէջ` ստամոքսի թթուի արտադրութեամբ: Ստամոքսը նաեւ կ՛արտադրէ պիքարպոնաթը, որ իր կարգին կը չէզոքացնէ ստամոքսի գերթթուայնութիւնը:
Տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան բոլորին ուշադրութեան յանձնեց, որ մեր ճաշի պատառները պէտք է ըլլան փոքր ու հանդարտօրէն պէտք է կուլ տանք զանոնք: Ասիկա կ՛օգնէ անհատին` ունենալու աւելի հանգիստ մարսողական ընթացք:
Դասախօսը յիշեց ստամոքսի հետ առնչուած երկու կացութիւն, առաջինը, երբ ստամոքսի թթուն տարբեր պատճառներով կը բարձրանայ մինչեւ կոկորդ, ասիկա կրնայ պատճառել տարբեր անհանգստութիւններ` կոկորդի եւ ստամոքսի: Երկրորդը ստամոքսի խոցի (իւլսեր) պարագան է, ասիկա ստամոքսի գերթթուայնութեան արդիւնքը կրնայ ըլլալ:
Մարսողական համակարգին հետ առնչուած երկու երեւոյթներու մասին խօսելով` տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան նշեց ստամոքսի ճողուածքը եւ անոր տարբեր տեսակները, յիշեց նաեւ աֆթի յայտնութիւնը եւ յաճախականութիւնը բերնին մէջ ու անոր պատճառները:
Աւարտին դասախօսը բացատրութիւններով եւ լուսաբանութիւններով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:


