Վարուժ Ներկիզեան Պարգեւատրուեցաւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Բարձրագոյն` Մեծն Սուրբ Գրիգորի Ասպետի Շքանշանով
Կիրակի, 31 մարտ 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պէյրութի կեդրոնի հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ- Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը պարգեւատրեց Վարուժ Ներկիզեանը Մեծն Սուրբ Գրիգորի Ասպետի կարգով, որ իրեն շնորհուած էր վաստակաւոր քահանայապետ Պենետիկտոս ԺԶ.ի կողմէ 24 նոյեմբեր 2012-ին, այն օրուան Վատիկանի պետական քարտուղար Թարչիզիօ Պերթոնէի միջոցով:
Մեծն Սուրբ Գրիգորի Ասպետի կարգը, հիմնուած համանուն քահանայապետին կողմէ 1831-ին, առաջին կարգի պատիւը կ՛ընծայէ անոր, որ եկեղեցւոյ ի նպաստ բացառիկ ծառայութիւններ կատարած է, եւ հետեւաբար անոր կը տրուին յատուկ առանձնաշնորհումներ, ըստ վատիկանեան դիւանագիտական արարողութեանց ուղեցոյցին:
Եկեղեցական արարողութեան կը նախագահէր ամենապատիւ հոգեւոր տէրը` առընթերակայութեամբ երկու քահանաներու: Արարողապետն էր տեղւոյն օգնական ժողովրդապետ Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան: Պատրիարքական «Կռունկ» երգչախումբը կը ղեկավարէր դոկտ. Եդուարդ Թորիկեան:
Արարողութիւնը սկիզբ առաւ պատրիարքական թափօրով եւ «Հրաշափառ»-ով, որմէ ետք ամենապատիւ հոգեւոր տէրը արտասանեց օրուան յատուկ աղօթքը: Ապա կատարուեցան աստուածաշնչային ընթերցումներ Հին եւ Նոր կտակարաններէն: Սուրբ Աւետարանը ընթերցեց նորօծ վարդապետ հայր Ղազար Պետրոսեան, ապա բերուեցան շքանշանը, ընկերակցող կոնդակն ու համապատասխան դիւանագիտական արարողութեան գիրքը. անմիջապէս ետք յաւուր պատշաճի խնդրանքներ բարձրացան առ Աստուած: Այս խնդրանքները կարդաց Ճոյ Ներկիզեան:
Այնուհետեւ կարդացուեցան Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հեռագիր-մաղթանքը եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի մաղթանքը: Զոյգ պատգամները կարդաց աթոռանիստ եկեղեցւոյ աւագ ժողովրդապետ հայր Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան:
Ապա խօսք առաւ ամենապատիւ հոգեւոր տէրը, որ իր խօսքին մէջ թուարկեց Վարուժ Ներկիզեանի արժէքները:
Հոգեւոր տէրը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Այսօր ուրախութեամբ համախմբուած ենք մեծարելու համար անձ մը, որ հաւաքականութեան մէջ ունի իր իւրայատուկ դրոշմը եւ ներդրումը: Այդ անձնաւորութիւնը` Վարուժ Ներկիզեանը խորհրդանիշն է աշխատասիրութեան, որ հակառակ ընտանեկան նեղ պայմաններուն, ընտանիքի անդամներուն հետ միասին, եւ ճիգերու մէկտեղումով յաջողեցաւ յաղթահարել բոլոր տեսակի դժուարութիւնները: Ան համալսարանական բարձրագոյն ուսումի, ինքնազարգացումի եւ հետեւողական ճիգերու շնորհիւ նուաճեց բարձր դիրքեր` ի մասնաւորի դրամատնային աշխարհին եւ հայկական կեանքին մէջ»:
Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը նաեւ յայտնեց, որ «շինարար իր շրջագայութեան մէջ, Շարժայի մէջ Վարուժ Ներկիզեան շինած է Հայաստանի դեսպանատուն, աշխատած է հայութիւնը համախմբելու, գաղութը կազմակերպելու, եւ ան մեծապէս մտահոգուած է գալիք սերունդով: Հոգեւոր արժէքներով առաջնորդուելով, կառուցած է եկեղեցի մը եւ օգտակար դարձած է կարիքաւորներուն, ինչպէս նաեւ յաջողած է հիմնել լիբանանեան-ֆրանսախօս վարժարան մը: Հայ աշակերտը Վարուժ Ներկիզեանին համար շունչ եւ եռանդ տուող ազդակ է: Հայ աշակերտով ան կը սնանի ու կը գոյատեւէ: Հայ աշակերտը իր հոգեկան գոհունակութեան աղբիւրն է եւ ապագայի նշոյլներ փոխանցող ցուցանիշը: Ասոր ապացոյցը` Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին հետ իր ունեցած բազմամեայ գործակցութիւնն է, որ ե՛ւ նիւթական է, ե՛ւ բարոյական»:
Հուսկ խօսք առաւ պարգեւատրեալ Վարուժ Ներկիզեան, մեծ յուզումով նշեց, որ այնքան պատիւի արժանացած ու շքանշաններ ստացած է, սակայն այս մէկը իր սրտին խօսող յատուկ յարգանք կը վայելէ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենակալ Աստուծոյ, ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ եւ անոր միջոցով հրաժարեալ սրբազան քահանայապետին, որ զինք արժանի նկատեցին այս պարգեւատրման:
Արարողութեան աւարտին ամենապատիւ հոգեւոր տէրը «Տէրունական աղօթք»-էն առաջ արտասանեց պահպանիչը եւ օրհնեց ներկաները:
Այս առիթով պատրաստուած էին յատուկ գրքոյկներ, որոնք կը բովանդակէին ամբողջ արարողութիւնը` հայերէն եւ ֆրանսերէն, ինչպէս նաեւ պարգեւատրեալին կենսագրականը:
Յետ արարողութեան «Ֆենիսիա» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցած ընթրիքին ընթացքին, պարգեւատրեալին անդրանիկ զաւակը` Արամ, երբ խօսք առաւ պատուելու համար «Վարուժ»-ը, ինչպէս ինք կը նախընտրէ կոչել իր հայրը, վեր առաւ պարգեւատրեալ հօր ամէնէն ազնիւ յատկութիւններէն մէկը, այն ալ տան մէջ գործակցութեան եւ խմբային աշխատանքի հոգին է:
Հանդէսին խօսք առաւ նաեւ պարգեւատրեալ Վարուժ Ներկիզեանի մանկութենէն ի վեր բարեկամ Գրիգոր Թերզեան, որ յիշեց սկաուտական նշաններու պատկերին ընդմէջէն Ներկիզեանի սկաուտական խոստումին հաւատարիմ խմբապետական հոգին:
Երեկոյեան անակնկալի բաժինը վերապահուած էր Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստի, որ իր երախտագիտական խօսքին ու շնորհակալ զգացումներուն իբրեւ ապացոյց պարգեւատրեալին նուիրեց Մեծն Սուրբ Գրիգորի կարգի շքանշանին կապուած յատուկ սուրը, որ ան պիտի կրէր իբրեւ խորհրդանշան` պաշտպանելու համար եկեղեցին եւ կարիքաւորը, այնքան ատեն որ Ամենաբարին Աստուած կեանք տար անոր:

