Արամ Ա. Կաթողիկոս Օրհնութեան Գիր Կը Յղէ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանին
Շաբաթ, 16 մարտ 2013-ին, «Եու. Սի. Էլ. Էյ.» համալսարանին Հայկական ամպիոնին բարեկամներու ընկերակցութիւնը յատուկ հանդիսութիւն մը կազմակերպած էր` պատուելու համար բազմավաստակ դասախօս եւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին ստուար աշխատանք տարած պատմագէտ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը:
Հանդիսութենէն մէկ օր առաջ, փրոֆ. Յովհաննէսեան այցելեց Հիւսիսային Ամերիկայի արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին եւ առաջնորդ սրբազանէն ստացաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի յղած Օրհնութեան գիրը` իր պատմաբանասիրական գործունէութեան 50-րդ տարեդարձին առիթով կազմակերպուած հանդիսութեան:
Յայտնենք, որ փրոֆ. Յովհաննէսեան նախապէս արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ասպետ» եւ «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշաններուն:
CATEGORIES Գաղութային


