«Էրտողան Սուրիոյ Տագնապին Սկիզբէն Ի Վեր Ոչ Իսկ Մէկ Անկեղծ Խօսք Ըսաւ» Կ՛ըսէ Ասատ

Պաշշար Ասատ

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ թրքական «Ուլուսալ» պատկերասփիւռի կայանին եւ «Այտընլըք» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «Սուրիոյ տագնապին սկիզբէն ի վեր ոչ իսկ մէկ անկեղծ խօսք ըսաւ»:

Ասատ ուրբաթ օր հրապարակուելիք հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ «կրօնաւորներու կեցուածքները, եւ անոնցմէ մէկն է Մոհամետ Սայիտ Պութին, հիմնական դերակատարութիւն ունեցան յարանուանական սադրանք ստեղծելու նպատակ ունեցող ծրագիրը ձախողութեան մատնելուն մէջ, այդ պատճառով ալ ահաբեկեցին Պութին եւ երկու օր առաջ ալ Հալէպի մէջ այլ կրօնաւոր մը ահաբեկեցին, ինչպէս նախապէս ալ կրօնաւորներ ահաբեկեցին»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Քեթրին Էշթընի հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Եւրոպական Միութեան Սուրիոյ բարեկամներու ժողովին նկատմամբ կեցուածքը դրական է եւ կը ձգտի սուրիական տագնապը կարելի եղածին չափ շուտ լուծել, «իսկ Թուրքիա կը պնդէ, որ տագնապը կարելի եղածին չափ շուտ լուծուի»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ սուրիական թղթածրարի նախկին պատասխանատու Ֆրետերիք Հոֆ յայտնեց, որ «Ուաշինկթընի եւ ինքնին արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի` զինեալ ընդդիմութեան հետ հաղորդակցութեան ուղղակի կապ հաստատելու մասին յայտարարութիւնը առանցքային է»` աւելցնելով, որ Ուաշինկթըն սուրիական տագնապով աւելի մօտէն զբաղելու ուղղութեամբ կ՛ընթանայ:

Մինչ այդ, բռնագրաւեալ Կոլանի բարձունքներուն վրայ գտնուող իսրայէլեան ուժերը երեքշաբթի գիշեր պատասխանած են սուրիական կողմէն արձակուած կրակոցներուն եւ հարուածած կրակոցի աղբիւրը: Ըստ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին, իսրայէլեան բանակը սուրիական բանակի դիրք մը հարուածած է: Իսրայէլ նաեւ ՄԱԿ-ին պաշտօնական բողոք յղած է:

Նշենք, որ երեքշաբթի օր Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոն բռնագրաւուած Կոլան այցելութեան մը ընթացքին զգուշացուցած էր, որ «երբ Սուրիոյ պատերազմը մեր շահերուն վնասէ, պիտի հակադարձենք»:

 

Share this Article
CATEGORIES