Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ Մերժահիունի, Պընթ Ժպէյլի, Մարուն Ռասի, Քֆար Քիլայի եւ Խիամի վերեւ գործեց թռիչքներ եւ կատարեց կեղծ յարձակումներ:
ԼԻԲԱՆԱՆ հասած սուրիացի գաղթականներուն համար մարդասիրական օժանդակութիւններ փոխադրող ռուսական օդանաւ մը երէկ հասաւ Պէյրութի միջազգային օդակայան:
ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կը շեշտէ երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ընդունեց Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ դեսպան Ալեքս Փարթըլեմը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ՏՈՐԱՅԻ մէջ անծանօթներ առեւանգած են հանրային փոխադրութեան մարզին մէջ գործող վարորդ մը` Ժ. Խաուլին եւ անոր կնոջ հետ կապուած են ու պահանջած 50 հազար տոլարի փրկագին` զայն ազատ արձակելու համար:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ յայտնեց, որ այս հանգրուանին իր կողմէ վարչապետի պաշտօնի ստանձնումը անհաւանական է: Ան աւելցուց, որ ինք կը նախատեսէ, որ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի դարձեալ վարչապետ նշանակուի եւ երեսփոխանական ընտրութիւնները երկու տարիով յետաձգուին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նուհատ Մաշնուք շեշտեց, որ իրենք ընտրական որեւէ օրէնքի համաձայն են եւ առանց դաշնակից ուժերուն հետ խորհրդակցելու թեկնածութիւն պիտի չառաջադրեն:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Թամմամ Սալամի անունը առաջադրած է` վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու համար:
ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Սէուտական Արաբիոյ խոստացած է համաձայնութիւն չյայտնել վարչապետի թեկնածուի մը, որ Սաատ Հարիրիի հաւանութիւնը չի վայելեր:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ Հըզպալլա մնայուն կերպով կը զօրակցի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի` աւելցնելով, որ իրենց դաշինքը ամէն պարագայի պիտի մնայ հաստատ: Ան աւելցուց նաեւ, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հրաժարականը զիրենք չէ զարմացուցած:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ պէտք է կազմել չէզոք կառավարութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն մասնագէտներ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա կոչ ուղղեց կազմելու քաղաքական կառավարութիւն մը` աւելցնելով, որ չէզոք կառավարութիւն մը կազմելու իրողութիւնը սուտի համազօր է:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կը փափաքին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ համաձայնութիւն մը գոյացնել:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման անհրաժեշտ կը նկատէ կազմել կառավարութիւն մը, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կը կատարէ:
ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ կառավարութեան պետական նախարար Ահմետ Քարամէ յայտնեց, որ այս հանգրուանին վարչապետի պաշտօնին լաւագոյն թեկնածուն կը մնայ Նեժիպ Միքաթին:
ԻՍԼԱՄ քարոզիչ շէյխ Աֆիֆ Նապուլսի յայտնեց, որ պէտք է արագացնել կառավարութիւն մը կազմելու ջանքերը` աւելցնելով, որ երկիրը անմիջական կարիքը ունի կառավարութեան:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի համար կը մնայ վստահելի անձնաւորութիւն եւ մեծ պետութիւններու «խաղերուն» փորձագէտը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ վարչապետի պաշտօնին համար իրենց թեկնածուին անունը պիտի չյայտարարեն, մինչեւ երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն վերջին ժամերը:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Տորի Շամուն յայտնեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն կազմելու չէզոք կառավարութիւն մը, որ կը վերահսկէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

