Էօզեըլտըզ. «Ազեզի Մէջ Գտնուող Լիբանանցիները Առեւանգողները Սուրիոյ Ընդդիմութեան Մաս Չեն Կազմեր»
Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ յայտնեց, որ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներու թիւին աճը ուղղակիօրէն կապուած է երկու երկիրներուն միջեւ սահմանամերձ շրջաններու կռիւներուն:
Ան շեշտեց, որ մեծ թիւով սուրիացի գաղթականներ Լիբանան կ՛ուղղուին` նկատի ունենալով Լիբանանի եւ Սուրիոյ բարբառներուն մօտիկութիւնը:
Անդրադառնալով Ազեզի մէջ գտնուող լիբանանցիները առեւանգող կողմերուն` Էօզեըլտըզ նշեց, որ անոնք ոչ մէկ կապ ունին սուրիական ընդդիմութեան հետ, այլ` կը պատկանին որոշ կողմի մը եւ այդ պատճառով է, որ անոնց հետ բանակցութիւնները հետզհետէ կը դժուարանան, «սակայն մենք անկարելին կարելի կը փորձենք դարձնել զանոնք ազատ արձակելու համար», ըսաւ Էօզեըլտըզ:
Շէյխ Զղէյպ Կը Պատասխանէ Էօզեըլտըզի
Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներու հարազատներուն դատին զօրակցող, Շիիներու գերագոյն խորհուրդին կողմէ նշանակուած ներկայացուցիչ շէյխ Ապպաս Զղէյպ պատասխանեց թուրք դեսպանին` ըսելով հետեւեալը. «Առեւանգող կողմերը սուրիական ընդդիմութեան չեն պատկանիր, այլ` թրքական գաղտնի սպասարկութեան ողնաշարը կը կազմեն»:
Շէյխ Զղէյպ հաստատեց, որ թրքական իշխանութիւնները պէտք է այս հարցը լուծեն, որովհետեւ առեւանգուողները կը գտնուին թուրքերուն մօտ:

