Միքաթի Ընդունեց Ապու Ֆաուրը Եւ Քանսոն
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց հրաժարեալ կառավարութեան մէջ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց ներքին լիբանանեան իրադարձութիւններն ու քաղաքական զարգացումները:
Միքաթիի այցելեց նաեւ պետական նախարար Ալի Քանսօ, որ վարչապետին հետ քննարկեց լիբանանեան ընդհանուր իրավիճակը:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ դեսպան Լեքս Փարթըլեմ, որ Միքաթիի հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
CATEGORIES Լիբանանեան


