Ժոմպլաթ Այցելեց Արսլանի

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Խալտէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի հետ: Ժոմպլաթի կ՛ընկերակցէին  երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ եւ հրաժարեալ կառավարութեան նախարարներ Ղազի Արիտի եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուր:

Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ յայտնեց, որ յաջորդ վարչապետին անունը տակաւին չէ յստակացած` աւելցնելով սակայն, որ ան պէտք չէ ըլլայ այս կամ այն քաղաքական ուժին մօտ ընդվզում պատճառող անձնաւորութիւն մը, այլ` պէտք է ըլլայ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն համախոհութիւնը վայելող անձ մը:

Իր կարգին, Արսլան շեշտեց, որ իր եւ Ժոմպլաթի միջեւ գործակցութիւնը ընթացքի մէջ է, հակառակ անոր որ իր եւ Ժոմպլաթի միջեւ հանդիպումը ոմանց կրնայ նեղացնել: Արսլան ընդգծեց, որ իրենք համաձայն են համախոհական վարչապետի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու:

«Կը փափաքինք, որ վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները յետաձգուին, որպէսզի կարելի ըլլայ նուազագոյն համախոհութիւնը գոյացնել վարչապետի անունին շուրջ», ըսաւ Արսլան:

 

Share this Article
CATEGORIES