Մարոնի Ղեկավարներու Նիստ` Պքերքէի Մէջ
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին Պքերքէի մէջ նախագահեց մարոնի ղեկավարներու նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան, Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ալեն Աուն եւ նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէ:
Հանդիպումէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ հանդիպումին մասնակից կողմերը համաձայնած են քաղաքական բոլոր կողմերուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն եւ արդարութիւն ապահովող համախոհական ընտրական օրինագիծի մը յանգիլ որոշ ժամանակի ընթացքին:
Հանդիպումին ներկայ քաղաքական ուժերը որոշեցին 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ իրենց թեկնածութիւնը չառաջադրել` նկատի ունենալով, որ այդ օրէնքը կ՛իրաւազրկէ քրիստոնեաները:
Ներկաները նաեւ հրաժարեալ կառավարութեան ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելէն պահանջեցին վերջ տալ 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ թեկնածութիւններու առաջադրումներուն:
Հանդիպումին ընթացքին տրուած որոշումներուն շարքին էր նաեւ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը ժամանակաւոր կերպով սառեցնել եւ հաստատել, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին, պարզապէս հարկ եղած թեքնիք յետաձգումով միայն:
Պքերքէի տեղեկատու գրասենեակի պատասխանատու Ուալիտ Ղայեատ, որ կարդաց հաղորդագրութիւնը, յայտնեց, որ մարոնի ղեկավարներուն հանդիպումը տեղի ունեցած է Ռայի պատրիարքին հրաւէրով` աւելցնելով, որ այդ հանդիպումին ներկայ գտնուած են նաեւ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս եւ մարոնի համայնքի առաջնորդներէն Պուլոս Սայյահ եպիսկոպոս:
Նշենք, որ մարոնի քաղաքական ղեկավարներուն հանդիպումէն ետք հրաժարեալ կառավարութեան ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել հասաւ Պքերքէ` շեշտելով, որ Ռայի պատրիարքին իր այցելութիւնը նախօրօք որոշուած է եւ ոչ մէկ կապ ունի մարոնի քաղաքական ղեկավարներուն հանդիպումին հետ:

