Նախագահ Սլէյման Խստիւ Դատապարտեց Գերիներուն Նկատմամբ Ցուցաբերուած Իսրայէլի Ցուցաբերած Դիտումնաւոր Անտեսումը

Նախագահ Սլէյման եւ գնդապետ-զօրավար Ռոժէ Սալեմ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ խստիւ դատապարտեց իսրայէլեան բանտերուն մէջ գտնուող գերիներուն նկատմամբ Իսրայէլի ցուցաբերած դիտումնաւոր անտեսումը:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ անզէն պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ օդուժով եւ թնդանօթներով կռուող իսրայէլացին ոչ մէկ հոգատարութիւն կը ցուցաբերէ առողջական հարցեր դիմագրաւող պաղեստինցի արգելափակեալներուն նկատմամբ:

Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնէ եւ բացայայտէ պաղեստինցի արգելափակեալներուն դիմագրաւած կացութիւնը, որպէսզի ան յարգէ միջազգային համաձայնագիրները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց հրաժարեալ կառավարութեան կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրի: Քննարկուեցան ներկայ հանգրուանի իրադարձութիւնները:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնի գործակատար գնդապետ-զօրավար Ռոժէ Սալեմը, որուն շնորհաւորեց եւ ներկայ հանգրուանը անցընելու նպատակով ցուցմունքներ տուաւ:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Էտմոն Ֆատել:

Քննարկուեցաւ Լիբանանի ապահովական իրավիճակը, յատկապէս Սուրիոյ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ, արծարծուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ համատարած բնոյթ ստացած առեւանգումներու հարցը:

Նշենք, որ նախագահական պալատը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ նախանցեալ երեկոյեան նախագահ Սլէյման «Մաշրեք» հիւանդանոցին մէջ բժշկական քննութեան ենթարկուած է եւ վերադարձած Պաապտա:

 

Share this Article
CATEGORIES