Այն Թինէի Մէջ Խորհրդարանական Մեծամասնութեան Ուժերու Ընդարձակ Հանդիպում

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց խորհրդարանական մեծամասնութիւնը ներկայացնող քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն ընդարձակ նիստին:

Նիստին ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ, հրաժարեալ կառավարութեան նախարարներ Ժըպրան Պասիլ եւ Ալի Հասան Խալիլ, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլ եւ իրաւաբան Եուսեֆ Ֆընիանոս:

Խորհրդարանական մեծամասնական ուժերուն միջեւ ընդարձակ հանդիպումէն ետք ներկաներուն անունով խօսք առաւ Սլէյման Ֆրենժիէ, որ յայտնեց, թէ հանդիպումը եղած է դրական` աւելցնելով, որ դաշնակից մեծամասնական ուժերուն միջեւ հարցեր չկան, եւ նախապէս տարածուած բոլոր լուրերը անհիմն են ու անճիշդ:

«Այս մասին երէկ երեկոյեան հաստատում մը կատարուեցաւ երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կողմէ, իսկ այսօր խորհրդարանի նախագահին կողմէ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ թէեւ տակաւին թեկնածուներու յստակ  անուններ չկան, սակայն իրենք միասնականութեամբ ու համախոհական թեկնածուով մը պիտի ներկայանան երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն:

Ֆրենժիէ յայտնեց, որ իրենք Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն առաջադրած թեկնածուին պիտի չզօրակցին:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ իրենք ընտրական օրէնքի մը մասին քննարկումներ կատարա՞ծ են, թէ՞ ոչ, Ֆրենժիէ ըսաւ, որ այո՛, քննարկած են եւ վերահաստատած Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրէնքին իրենց զօրակցութիւնը:

Նշենք, որ Պըրրի շնորհակալական նամակ մը ստացաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանէն` անոր վերընտրութեան առիթով իր յղած շնորհաւորական նամակին իբրեւ պատասխան:

 

Share this Article
CATEGORIES