Ամերիկացի Գիտնական Մը Կ՛ահազանգէ Մրենի Տաճարի Փլուզման Վտանգին Մասին

Մրենի տաճարը

«Արմինիըն Ռիփորթըր» պարբերականը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Թաֆթս համալսարանէն փրոֆ. Քրիսթինա Մարանջի կոչ ուղղած է պահպանելու  Կարսի շրջանին մէջ գտնուող Մրենի տաճարը:

Փրոֆ. Մարանջի, որ կ՛ուսումնասիրէ բիւզանդական շրջանի ճարտարապետութիւնն ու մշակոյթը, ինչպէս նաեւ Անդրկովկասի, մասնաւորաբար` Հայաստանի ճարտարապետութիւնը, կը նշէ, որ տաճարը փլուզման վտանգի տակ է:

«638-ին թուագրուող Մրենի վանքը համաշխարհային մշակոյթի գլուխ գործոց է եւ հայկական ճարտարապետութեան «Ոսկեդար»-ի ձեռքբերումը», ըսած է գիտնականը:

Ան նշած է, որ Բիւզանդիոնի կայսր Հերակլիոսին պատկանող գրութիւն եւ իւրայատուկ բարձրաքանդակ կայ, որ կը պատմէ իսկական խաչը Երուսաղէմ վերադարձնելու մասին: «Մրենի տաճարը անգնահատելի նիւթ կը պարունակէ պատմութեան ամէնէն ողբերգական եւ տակաւին քիչ փաստարկուած պահերէն մէկուն մասին», ըսած է ան: Քրիսթինա Մարանջի մտահոգ է, որ Մրենի տաճարը կրնայ այլեւս չդիմանալ:

1990-ական թուականներուն եւ 21-րդ դարու առաջին տասնամեակներուն ընթացքին առնուած լուսանկարները ցոյց կու տան, որ եկեղեցւոյ հիւսիսային ճակատը աստիճանաբար կը կործանի:

 

Share this Article
CATEGORIES