«Յովհաննէսեանի Կողմէ Հացադուլի Դադրեցումը Անակնկալ Էր, Ինչպէս Որ Անակնկալ Էին Նախկին Բոլոր Որոշումները» Կ՛ըսէ Արսէն Համբարձումեան

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան` անդրադառնալով Րաֆֆի Յովհաննէսեանի մարզային այցելութիւններուն, յայտնեց, որ այս հանգրուանին առաջնահերթ կարեւորութիւն ունին Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները: Անհրաժեշտ է ուժերը կեդրոնացնել եւ Երեւանի մէջ միացեալ ուժերով յաղթանակ արձանագրել:

Ինչպէս մինչեւ 5 ապրիլ տեւող մարզային այցելութիւնները ՀՅԴ-ն չ՛ողջուներ, այնպէս ալ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի հացադուլի դադրեցումը միանշանակ չ՛ընդունուիր կուսակցութեան կողմէ: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ հացադուլի դադրեցումը որքանո՞վ օգտակար պիտի ըլլայ պայքարի հետագայ ընթացքին համար, Համբարձումեան նշեց, որ ժամանակը ցոյց կու տայ անոր օգտակարութիւնը:

Հակառակ անոր որ Րաֆֆի Յովհաննէսեան եւ անոր կողմնակիցները յայտարարած էին, որ որեւէ յայտարարութիւն չէ կատարուած այն մասին, որ հացադուլը անպայման պէտք է տեւեր 9 ապրիլ, ՀՅԴ-ի համար նախագահի նախկին թեկնածուին քայլը եւս անակնկալ էր:

Ան նկատել տուաւ, որ որոշումները, որոնք տրուած են Րաֆֆի Յովհաննէսեանի կողմէ` առանց ՀՅԴ-ի հետ խորհրդակցելու, կրնան չարժանանալ կուսակցութեան հաւանութեան: «Մենք մեզի իրաւունք կը վերապահենք աջակցիլ միայն այն որոշումներուն, զորս կը նկատենք ընդունելի, իսկ եթէ որոշումները մեզի համար ընդունելի չեն, չենք պատրաստուիր անոնց աջակցելու: Այն որոշումները, որոնք տեղի պիտի ունենան միացեալ քննարկման իբրեւ արդիւնք, պիտի ըլլան նաեւ մեր որոշումները, հակառակ պարագային մենք ազատ ենք մեր դիրքորոշումը ու կեցուածքները ճշդելու», նշեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչը:

Սակայն պարզուեցաւ, որ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի որեւէ որոշում ՀՅԴ-ի հետ միացեալ քննարկման իբրեւ արդիւնք չէ ընդունուած:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք Դաշնակցութիւնը Րաֆֆի Յովհաննէսեանի հացադուլի դադրեցումը չի՞ նկատեր նախագահ Սերժ Սարգսեանի կոչին ընդառաջում, Արսէն Համբարձումեան դարձեալ յայտնեց, որ կանխատեսումներ կատարելը անշնորհակալ գործ է եւ այդ հարցումին պատասխանը ժամանակը կու տայ:

Share this Article
CATEGORIES