Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Հանդիպում Ունեցան Ազրպէյճանի Նախագահին Հետ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները նախանցեալ օր Պաքուի մէջ հանդիպում մը ունեցան Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:
Պաշտօնական տեղեկատուութեան համաձայն, հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցութիւններու ներկայ վիճակը եւ հեռանկարները:
Միջնորդները մտադիր են Պաքուէն մեկնիլ Ստեփանակերտ` ոտքով անցնելով շփման գիծը: Ըստ ազրպէյճանական լրատուական գործակալութիւններուն, շփման գիծի հիւսիսային հատուածին մէջ այսօր նախատեսուած ԵԱՀԿ-ի դիտարկման ընթացքին համանախագահները Ազրպէյճանի Թերթերի շրջանէն պիտի անցնին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Մարտակերտի շրջան, իսկ 5 ապրիլին շփման գիծի Աղտամի հատուածին մէջ դիտարկման ժամանակ պիտի վերադառնան Ազրպէյճան:
Մինսքի խմբակի միջնորդները շուրջ տասը օր առաջ Ստեփանակերտի եւ Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցած էին Ղարաբաղի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն հետ այնուհետեւ մեկնած էին շրջանէն` մահմետական տօներէն ետք Ազրպէյճան այցելելու համար:

