Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Մէջ Հայաստանի Դերակատարութեան Քննարկում

Վիքթոր Թվիրքուն եւ նախագահ Սարգսեան

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան միջազգային մնայուն քարտուղարութեան ընդհանուր քարտուղար Վիքթոր Թվիրքունը:

Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան տեղեկացուց, որ զրուցակիցները անդրադարձան Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան ընթացիկ գործունէութեան, կարեւոր նկատեցին կազմակերպութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ քննարկեցին յուլիսին Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի նախագահութեան առաջնահերթութիւններուն եւ քարտուղարութեան աշխատանքներուն վերաբերող հարցեր:

Հայաստանի նախագահը նշեց, որ Հայաստանը կողմ է եւ մշտապէս ի նպաստ արտայայտուած է շրջանային համարկման բազմակողմանի հոլովոյթներու խորացման ու այդ հարցին մէջ կարեւոր կը նկատէ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան դերը:

Հայաստանի նախագահութեան շրջանին, նախագահ Սերժ Սարգսեան հաւաստիացուց, որ ջանքեր պիտի գործադրուին կազմակերպութեան աշխատանքը աւելի աշխուժացնելու, անդամ երկիրներուն միջեւ տարբեր մարզերու մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը խթանելու գործին մէջ:

Երէկ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նոյնպէս ընդունեց Վիքթոր Թվիրքունը:

Ողջունելով հիւրը` նախարար Նալբանդեան շնորհաւորեց Վիքթոր Թվիրքունը Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար ընտրուելուն առիթով եւ յոյս յայտնեց, որ ան իր ներդրումը ունենայ կազմակերպութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման մէջ: Էդուարդ Նալբանդեան նաեւ նշեց, որ Հայաստան կարեւոր կը նկատէ շրջանային համարկումի հոլովոյթները եւ այդ սկզբունքով առաջնորդուելով աշխուժօրէն կը մասնակցի կազմակերպութեան շրջագիծին ընթացող բազմաոլորտ համագործակցութեան:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան եւ բարեմաղթանքներուն համար` Վիքթոր Թվիրքուն վստահեցուց, որ առաւելագոյն ջանքերը պիտի ներդնէ կազմակերպութեան շրջագիծին մէջ համագործակցութեան զարգացման նպատակով:

Երկու կողմերը անդրադարձան այս տարուան կիսուն կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի նախագահութեան առաջնահերթութիւններուն: Այս առումով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ հայկական նախագահութիւնը յատկապէս ուշադրութիւն պիտի դարձնէ տնտեսական, տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեան արհեստագիտութեան, գիտութեան, զբօսաշրջութեան եւ արտակարգ իրավիճակներու հետեւանքներու վերացման մարզերուն մէջ համագործակցութեան:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկեցին կազմակերպութեան շրջագիծին մէջ իրականացուող համագործակցութեան խորացման, շրջանին մէջ տնտեսական համագործակցութեան խթանման նպատակով ձեռնարկուելիք քայլերը:

 

Share this Article
CATEGORIES