ՀՅԴ-ն Պռօշեանի Գիւղապետի Սպանութեան Մէջ Քաղաքական Ենթահող Կը Տեսնէ

ՀՅԴ-ն Պռօշեան գիւղի դաշնակցական գիւղապետի սպանութեան մէջ քաղաքական ենթահող կը տեսնէ:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան երէկ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ ընդդիմադիր կեցուածք ունեցող գիւղապետին գոյութիւնը շատերուն հանգիստ չէր տար:

50-ամեայ դաշնակցական գիւղապետ Հրաչ Մուրադեան սպաննուած էր երեքշաբթի առաւօտեան` գիւղապետարանի բակին մէջ: Գիւղապետը մահացած է աջ քունքին անյայտ անձի մը կողմէ արձակուած հրազէնային վնասուածքէն:

«Միանշանակ քաղաքական ենթահող ունի, եւ բնականաբար իշխանութիւնները ամէն ինչ կ՛ընեն, որ այդ ենթահողը չերեւի, որովհետեւ մենք վաղուց նոյն իշխանութիւններուն ուշադրութեան հրաւիրած ենք այն փաստին վրայ, որ Հրաչին շուրջ անընդհատ լարուածութիւն կար` շատ պարզ պատճառով, որ ոմանց հաճելի չէր թուեր Հրաչի լայն ժողովրդականութիւնը: Բնականաբար, այդ համայնքը բաւական մեծ է, եւ Երեւանին այդքան մօտիկ համայնքին մէջ ընդդիմադիր կեցուածք ցուցաբերող ոչ իրենց կուսակցութեան պատկանող համայնքապետի գոյութիւնը շատերուն հաճելի չէր թուեր», յայտարարեց Ռուստամեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ շատերուն ըսելով ո՞վ նկատի ունի, Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը յայտնեց, որ հիմնականին մէջ պայքար միշտ եղած է այդ դաշտին մէջ, ոչ միայն հանրապետականներուն հետ: Ըստ անոր, գլխաւոր խնդիրը այն եղած է, որ Հրաչ Մուրադեանը փոխեն, եւ այդ լարուածութիւնը անընդհատ կը նկատուէր անոր շուրջ, եւ նոյնիսկ եղած են դէպքեր, որ փորձած են ահաբեկչութեան յստակ քայլեր կատարել անոր նկատմամբ: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը նաեւ նշեց, որ հանգիստ կեանքով չէ ապրած Հրաչ Մուրադեան, եւ ատիկա կտրել այդ ենթահողէն եւ դէպքը փորձել որոշ կենցաղային դաշտ տեղափոխել, կը նշանակէ շեղել քննութիւնը:

Ռուստամեան ընդգծեց, որ գիւղապետը նոր ընտրուած էր, տակաւին երկար ժամանակ ունէր պաշտօնավարելու, տեսան, որ չեն կրնար ընտրութիւններու միջոցով իրենց նպատակին հասնիլ, անցան յայտնի միջոցներու:

 

Share this Article
CATEGORIES