ՍԿՈՎՏԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՌԷՅՆՃԸՐԶ ՏԻՏՂՈՍԸ ՊԱՀԵՑ ԻՐ ՄՕՏ
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Սկովտիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:
Պարագլուխի դիրքը գրաւող Ռէյնճըրզ, որ յաղթանակի մը պէտք ունէր` տիտղոսը պահելու համար իր մօտ, 5-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Քիլմարնոքի դաշտէն: Անիկա տարեշրջանը աւարտեց 93 կէտով` մէկ կէտի տարբերութեամբ միայն գերազանցելով փոխախոյեան հանդիսացած Սելթիքը, որ իր կատարած վերջին մրցումին յաղթեց Մատըրուելի (4-0):
Այսպիսով, Ռէյնճըրզի մարզիչ Ուոլթըր Սմիթ իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտեց տիրանալով տիտղոսին: Անոր փոխարէն Ռէյնճըրզի նոր մարզիչ պիտի նշանակուի անոր օգնականը` Էլի Մաքոյսթ:
Ինչ կը վերաբերի Սելթիքի, անիկա կրնայ տարեշրջանը աւարտել տիտղոսով մը, եթէ Սկովտիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի (որ տեղի պիտի ունենայ այս շաբաթավերջին) աւարտականին յաջողի յաղթել Մատըրուելի:
Ստորեւ կու տանք վերջնական դասաւորումը.
—————————–ԿԷՏ
1.- Ռէյնճըրզ 93 (88-29)
2.- Սելթիք 92 (85-22)
3.- Հարթց 63 (53-45)
………………………………………….
10.- Հիպերնիըն 37 (39-61)
11.- Սենթ Միրըն 33 (33-57)
12.- Հեմիլթըն Աքատեմիքըլ 26 (24-59)
ՆՇԵՆՔ, որ վերջին դիրքը գրաւողը փոխադրուեցաւ Բ. դասակարգ: