ՀԱՅ ԲԱԶԿԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ` ՆԵՒԱՏԱՅԻ ՄԷՋ
Նախորդ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու Նեւատա նահանգին մէջ աւարտեցաւ բազկամարտի Ultimate Armwrestling League (UAC) գերմրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, Անգլիոյ, Շուէտի եւ Նորվեկիոյ զօրաւորագոյն մարզիկները:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Լոս Անճելըսի մէջ բնակութիւն հաստատած հայ բազկամարտիկները, որոնք մեծ յաջողութեան հասան:
75 քկ դասակարգին մէջ ձախ ձեռքով ելոյթ ունենալով` Ստեփան Աւտանտիլեան պարտութեան մատնեց իր բոլոր մրցակիցները եւ հանդիսացաւ առաջին:
Նոյն դասակարգին մէջ, սակայն աջ ձեռքով, իր կարգին առաջին հանդիսացաւ Վազգէն Սողոյեան:
CATEGORIES Մարզական

