ՆԱԶԻԿ ԱՒՏԱԼԵԱՆԻ ՄՐՑԱՍՊԱՐԷԶ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼՈՒ ՀԱՐՑԸ ԿԸ ՅՍՏԱԿԱՆԱՅ 6 ԱՄԻՍ ԵՏՔ ՄԻԱՅՆ

Նազիկ Աւտալեան

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, որ ծանրաբարձութեան աշխարհի ախոյեան Նազիկ Աւտալեան 26 ապրիլին ենթարկուած էր ինքնաշարժի արկածի մը եւ փոխադրուած Էրեբունի բժշկական կեդրոն, ուր ենթարկուած էր վիրաբուժութեան:

Էրեբունի բժշկական կեդրոնի պատասխանատուներէն Կարապետ Մոմճեան հայկական լրատու գործակալութիւններուն հետ ունեցած իր մէկ հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ ներկայ հանգրուանին շատ կանուխ է խօսիլ, թէ ան ե՛րբ պիտի վերադառնայ մրցասպարէզ` մասնակցելու համար մրցաշարքերուն:

Ան ըսաւ. «Վեց ամիս ետք կը յստականայ, թէ անոր վերադարձը ե՛րբ տեղի պիտի ունենայ: Կարեւորը այն է, որ ան հիւանդանոցէն քալելով դուրս եկաւ: Լաւապէս ապաքինելու համար, ան բաւական ժամանակի կարիք ունի»:

Share this Article
CATEGORIES