ՎԱՉԷ ԾԱՏՈՒՐԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԵԾԵԼԱՐՇԱՒԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱՏԵՂԻՆ
Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան մեկնեցաւ Զուիցերիա, ուր այցելեց միջազգային ֆետերասիոնի կեդրոնատեղին:
Վաչէ Ծատուրեան, որ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ է, Հեծելարշաւի միջազգային ֆետերասիոնի նախագահ Փեթ Մաքուայտի հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք անոր յանձնեց յատուկ յուշանուէր մը` առ ի շնորհակալութիւն Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին անոր ցուցաբերած օժանդակութիւններուն եւ զօրակցութեան:
Նշենք, որ այս հանդիպումին Մաքուայտ խոստացաւ իր ճիգերը կրկնապատկել, որպէսզի լիբանանեան հեծելարշաւը միշտ շարունակէ իր վերելքը:
CATEGORIES Մարզական


