Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Մի՛ մոռնաք ձեր ժամադրութիւնը, որ կարեւոր հարցի մը համար է: Դրամական ձեր խնդիրները լուծելու համար տեսակցութիւն մը ունեցէք դրամատան պատասխանատու անձին հետ: Մի՛ յուսահատիք, կը յաջողիք այս կապակցութեամբ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Պէտք է վերանայիք համաձայնագրի մը, որպէսզի աւելի յարմար ձեւով նոր մը ստորագրէք: Եղէք արթուն նման պարագաներու:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Հոգեմտաւոր աշխատանքի ճամբով պիտի կարենաք նոր ծրագիր մը մշակել: Ձեր աշխատանքը յաջողութիւն պիտի ունենայ, որովհետեւ օգտակար նախաձեռնութիւն մը պիտի նկատուի նաեւ ձեր շրջապատին համար:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեզ պիտի հրաւիրեն խօսելու եւ վկայելու հարցի մը մասին, զոր ձեզ կը հետաքրքրէ: Մէկ կողմ դրէք ձեր երկչոտ կամ ոչ համարձակ պահուածքը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ինչ որ ընէք, համոզումով կատարեցէք: Ուրիշներու ցուցմունքին մի՛ հետեւիք, այլ ապաւինեցէք ձեր ներքին ձայնի թելադրանքին: Օրը լաւ է:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Պիտի աւարտէք գրաւոր աշխատանք մը` ամենայն գոհունակութեամբ: Ապա պիտի սկսիք նոր աշխատանքի մը: Ձեր գործունէութիւնը արդիւնաւէտ է:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
«Կշիռք»-ներուն զգայնութիւնը եւ արուեստի վերաբերեալ ստեղծագործական յղացումները պիտի ունենան յաջող ընթացք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր ժամանակը անցուցէք տունը: Ամէն բանէ ետք ձեր տան մէջ պիտի զգաք կատարեալ հանգիստ: Այս իմաստով ըսած են «Տուն, քաղցրիկ տուն»:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ ճամբորդութեան մէջ էք, լաւ մթնոլորտին պատճառով կարճատեւ պիտի ըլլայ ճամբորդութեան երկար ըլլալը: Շատ գոհ պիտի ըլլաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ խոհանոցային աշխատանքով հետաքրքրուած էք, առիթ պիտի ունենաք պատրաստելու համեղ ճաշեր: Կրնաք օգտուիլ նաեւ խոհանոցի յատուկ գիրքէն:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Լաւ տպաւորութիւն պիտի ձգէք ձեր շուրջիններուն վրայ: Պիտի կարենաք նոր էջ մը բանալ աշխատանքային ձեր կապին վերաբերեալ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Առանձին որոշում մի՛ տաք, երբ հարցը կը վերաբերի ընտանիքին: Եղէք շրջահայեաց եւ հանդուրժող: Կարծիքներու փոխանակումը կարեւոր է, ականջ տուէք անոնց:

