50 Տարի Առաջ (5 Ապրիլ 1963)

ԼՕԽ-ի Էշրեֆիէի Մասնաճիւղին
Դասախօսութիւնը

ԼՕԽ-ի Էշրեֆիէի մասնաճիւղին  դասախօսական հանդիպումը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 26 մարտ 1963, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, «Ազատամարտ» ակումբին մէջ: Դասախօսն էր Գարեգին վրդ. Սարգիսեան` նիւթ ունենալով «Սրբութեան գաղափարը»:

Բացման խօսքը կատարեց վարչութեան ատենապետ Ա. Գազանճեան, որ խնդրեց լուռ ոտքի կենալ մէկ վայրկեան` ի յարգանս երանաշնորհ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի յիշատակին:

Կարդացուեցաւ վարչութեան եռամսեայ գործունէութեան տեղեկագիր եւ հաշուեկշիռը` որոնցմէ ի յայտ եկաւ, որ վարչութիւնը ժրաջան աշխատանք կատարած է շրջանին մէջ:

Ապա հրաւիրուեցաւ յարգելի հայր սուրբը, որուն այնքան շահեկան դասախօսութեան ամփոփումը կու տանք ստորեւ:

«Սրբութեան մասին խօսիլ Ի. դարու մէջ շատերուն համար տարօրինակ կրնայ թուիլ: Այնքան լայնօրէն տարածուած մտայնութիւն մըն է մեր ժողովուրդին մէջ այն ըմբռնումը, թէ սրբութիւնը պատմութեան, անցեալին կը պատկանի, որ զայն երեւակայել իրագործելի ներկայ Ի. դարուն մէջ անկարելի կը թուի:

Բայց իրականութեան մէջ սրբութիւնը պատմական երեւոյթ չէ: Վիճակ մըն է կեանքի, որ ամէն ժամանակի կը պատկանի: Որքան միջին դարերուն, նոյնքան եւ Ի. դարուն: Մարդու հոգիի խորերէն եկող զգացում մը, ձգտում մըն է սրբութեան վիճակը. «Յամենայն ժամու աղաչանք իմ այս են – ի մեղաց իմոց սուրբ արա զիս Տէր»: Այս է կանչը մարդկային հոգիին:

Բայց ի՞նչ կը հասկնանք սրբութեան վիճակ ըսելով.

Այս վիճակը մարդկային կեանքի` որուն մէջ մարդուն մէջ ներկայ է Աստուած:

Սրբութիւնը իր խորագոյն էութեան մէջ հանդիպումն է Աստուծոյ եւ մարդուն:  «Երանի այնոցիկ, որք սուրբ են սրտիւք, զի նոքա զԱստուած տեսցեն»:

Սրբութիւնը հրաժարում չէ կեանքէն, ո՛չ խուսափում, ո՛չ փախուստ: Ընդհակառակը, կեանքի մէջ գործօն ուժ է ան: Հին իմաստով սուրբ էր այն առարկան, այն մարդը, այն ազգը, որ կ՛անջատուէր ընդհանուրէն եւ կը դիտուէր առանձնապէս: Քրիստոնէական հասկացողութեամբ, սրբութիւնը լեցունութիւնն է կեանքին աստուածային հոգիին ներկայութեամբ:

Կոչումն է ասիկա բոլոր անոնց, որոնք իրենք զիրենք քրիստոնեայ կը դաւանին: Բոլոր քրիստոնեաներ կոչուած են սուրբ ըլլալու:

Կարելի է սրբութիւնը, որովհետեւ ինչպէս կ՛ըսէ որդի քրիստոնեայ խորհողներէն «ան (սրբութիւնը) գերմարդկային է, բայց` ոչ անմարդկային»: Այո՛, զուտ եւ միայն մարդու ճիգերով չ՛իրագործուիր ան: Բայց նաեւ առանց մարդուն ազատ կամքին եւ գործակցութեան չ՛իրականանար: Ահա թէ ինչո՛ւ մարդ պէտք է կատարէ իր բաժինը, անկեղծօրէն, ամբողջական նուիրումով ձգտի սուրբ ըլլալ: Աստուած կը պսակէ անոր ճիգը անպայման:

Ի դարու մարդկային կեանքին մէջ բացարձակ անհրաժեշտութիւն է սրբութեան վերակենդանացումը, որովհետեւ մարդերը այսօր ամէն բանէ աւելի պէտք ունին իրենց բարոյական դիմագիծը անաղարտ եւ առողջ պահելու: Մարդը հսկայական ուժերու տէր է դարձած իր գիտութեան, միտքի նուաճումներով: Այդ բոլորը չարիքի կը վերածուին, եթէ բարոյական ներքին մարդը առողջ եւ սուրբ չըլլայ:

Հայ կեանքը, որ սրբութեան մեծ դրուագներով այնքան հարուստ է եղած անցեալին, պէտք ունի սրբութեան զգացումով վերստին թափ առնելու: Այլապէս մեր կեանքը տխուր պատկեր է: Բարոյական բարեկարգութեան մը կը կարօտինք ազգովին: Այդ բարեկարգութեան ուժը սրբութեան ձգտումին մէջ է:

Հայ կինը, մասնաւորաբար հայ խաչուհին հսկայ դեր կրնայ կատարել` ընտանեկան եւ ընկերային շրջանակներէ ներս սրբութեան մթնոլորտ մը, յարմար տրամադրութիւն մը ստեղծելով: Առանց այդ մթնոլորտին անկարելի է սրբութիւնը իր լրիւ իմաստին մէջ:

Գործի ժամ է: Պէտք է քալել:

Հայր սուրբին «Պահպանիչ»-ով վերջ գտաւ հանդիպումը: Ընկերուհիները շատ գոհ տրամադրութեամբ բաժնուեցան` խնդրելով, որ յաճախակի դառնան նմանօրինակ ձեռնարկներ:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Share this Article
CATEGORIES