Արուեստի Աշխարհէն. Ամէնէն Տխրահռչակ Արուեստի Գողութիւնները

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ, ԴՐԱՄԻ ԹԷ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄԻ ՆՊԱՏԱԿՈՎ ԳՈՂԵՐ ՄԵԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔ ԿԸ ՏԱՆԻՆ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԳՈՂՆԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՀՌՉԱԿԱՒՈՐ ԳՈՐԾԵՐ: «ԵԱՀՈՒ» ԿԸ ՑԱՆԿԱԳՐԷ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԱԾ ԱՄԷՆԷՆ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ԳՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ:

Անշուշտ դիւրին չէ պատկերասրահէ մը կամ թանգարանէ մը դուրս գալ` 1.5 մ հասակով Փիքասօ մը գրկած: Սակայն, ինչպէս պատմութիւնը ցոյց կու տայ, միշտ ալ գոյութիւն ունեցած են յանդուգն անձեր, որոնք պատրաստակամութիւն ցուցաբերած են նման փորձեր կատարելու:

Ստորեւ` աշխարհի ամէնէն հռչակաւոր գողութիւնները.

«Մոնա Լիզա»:

Փարիզ (1911)

Վինչենցօ Փերուկիա 21 օգոստոս 1911-ին իբրեւ պաշտօնեայ սկսաւ աշխատիլ Լուվրի թանգարանին մէջ եւ գողցաւ աշխարհի ամէնէն հռչակաւոր գեղանկարը` «Մոնա Լիզա»-ն: Շատեր այս արարքը որակեցին 20-րդ դարու արուեստի մեծագոյն գողութիւններէն մէկը: Փերուկիա պարզապէս գիշերը թաքնուեցաւ թանգարանին մէջ եւ առաւօտուն դուրս եկաւ, երբ թանգարանը բացաւ դռները:

Փերուկիա երկու տարի «Մոնա Լիզա»-ն պահեց Փարիզի իր բնակարանին մէջ, ապա զայն տարաւ իր ծննդավայրը` Իտալիա, ուր վարձատրութիւն պահանջեց` Տա Վինչիի գլուխ գործոցը «տուն» վերադարձնելուն համար: Հակառակ որ ան ձերբակալուեցաւ եւ բանտարկուեցաւ, սակայն բազմաթիւ իտալացիներ զայն ողջունեցին իբրեւ հայրենասէր մը, եւ ան կրեց կարճ բանտարկութեան պատիժ մը:

Լոնտոն (1981)

Ռամպրանթի 1632-ին գծած մէկ դիմանկարը` «Եագոպ տը Խին Գ.» 1981-ին գողցուեցաւ Լոնտոնի Տալուիչի պատկերասրահէն: Չորս տղամարդիք թաքսիով մը տարին զայն: Այնուհետեւ գեղանկարը գողցուած է երեք այլ առիթներով, սակայն ամէն անգամ ալ պարզապէս վերայայտնուած է:

«Թէյքըուէյ Ռամպրանթ»-ը, ինչպէս կատակով ճանչցուած է անիկա, առաջին անգամ վերադարձուած է պատկերասրահ: Երկրորդ գողութենէն ետք յայտնաբերուած է գերմանական երկաթուղիի կայարանի մը տարածքին լքուած ճամպրուկի մը մէջ: Երրորդ անգամ գողցուելէ ետք ի յայտ եկած է գերեզմանատան մը մէջ, իսկ վերջին առիթով գտնուած է անտէր հեծիկի մը սակառին մէջ:

Նիւ Եորք (1988)

Ընդհանուր հաշուով 18 գեղանկարներ, ներառեալ` Ֆրա Անճելիքոյէն երկու պաստառներ 1988-ին գողցուեցան նիւեորքցի արուեստի վաճառական Քոլնըկիի հաւաքածոյէն: Գողերը ձեղնայարկի պատուհանէն թափանցեցին շէնք` չափազանց վտանգաւոր ծրագիր մը իրականացնելով: Թէեւ անոնք չյաջողեցան ընտրել ամէնէն թանկարժէք գեղանկարները, սակայն իրենց հետ տարին շուրջ 6 միլիոն տոլար արժողութեամբ արուեստի գործեր, որոնցմէ չորսը տակաւին կը մնան անյայտ:

Մեքսիքօ Քաղաք  (1955)

Յաճախ արուեստի գողութիւն մը ծրագրելը տարիներ կը տեւէ, կը պահանջէ աներեւակայելի կարողութիւն եւ ճարպիկութիւն, ինչպէս նաեւ` լաւագոյն ժամանակի ընտրութիւն: Սակայն տարբեր էր պարագան 1985-ին Մեքսիքօ քաղաքին Մարդաբանութեան ազգային թանգարանէն կատարուած գողութեան, երբ թանգարանէն անհետացան 140 անգին հնութիւններ, ներառեալ` ազթեքներու եւ մայաներու մշակոյթին պատկանող ոսկեայ իրեր:

Տարիներ շարունակ չէին գործեր թանգարանին ահազանգերը: Հետեւաբար գողերը շատ դիւրութեամբ յաջողեցան տիրանալ իրենց փափաքած գանձին. անոնք պարզապէս հնութիւնները դուրս բերին իրենց սնտուկներէն եւ տարին իրենց հետ:

Պոսթըն (1990)

Թերեւս պատմութեան մէջ ամէնէն շահաբեր գողութիւնը տեղի ունեցած է 1990-ին, Պոսթընի Իզապելլա Սթիուըրթ Կարտնըր թանգարանէն:

Հարիւրաւոր միլիոն տոլար արժող արուեստի գործեր, ներառեալ` Վըրմիրէն, Ռամպրանթէն եւ Մանէէն գեղանկարներ գողցուեցան ոստիկանի տարազ հագած երկու տղամարդոց կողմէ: Հակառակ 5 միլիոն տոլարի վարձատրութեան խոստումին` գեղանկարներուն ապահով վերադարձին համար, անոնք տակաւին կը մնան անյայտ:

«Տը սքրիմ» (ճիչը):

Օսլօ (1994 Եւ 2004)

Էտվարտ Մունք իր «Տը սքրիմ» (ճիչը) գեղանկարէն գծած է չորս տարբերակ, յուրախութիւն ոչ միայն արուեստի սիրահարներու, այլ նաեւ` գողերու, անոնց տրամադրելով բազմաթիւ թիրախներ:

Վերջին 20 տարիներուն տեղի ունեցած է 2 գողութիւն. գեղանկարին մէկ տարբերակը գողցուեցաւ 1994-ին, Օսլոյի Արուեստի ազգային պատկերասրահէն, այն օրը, երբ Լիլըհամըրի մէջ բացումը կատարուեցաւ Ձմեռնային ողիմպիականին: 2004-ի օգոստոսին այլ տարբերակ մը գողցուեցաւ Մունքի թանգարանէն, նորվեկիացի գեղանկարիչին մէկ այլ գործին` «Աստուածամայրը» գեղանկարին հետ:

Ռոթերտամ (2012)

Վերջին տարիներուն Հոլանտա ականատես դարձած է շարք մը արուեստի գողութիւններու: 1991-ին 20 գեղանկարներ գողցուեցան Ամսթերտամի մէջ Վան Կոկի թանգարանէն: Գողօնը վերայայտնաբերուեցաւ 35 վայրկեան ետք, լքուած ինքնաշարժի մը մէջ:

Գողութեան յանցանքով բանտարկութեան դատապարտուեցան չորս տղամարդիք եւ թանգարանի երկու պահակներ: Սակայն, երբ այլ գողեր 2012-ին թիրախ դարձուցին Ռոթերտամի Քունսթհալ թանգարանը, անոնք յաջողեցան դուրս գալ դասական արուեստի 7 գործերով, որոնց հետքը տակաւին կը մնայ անյայտ: Անոնց շարքին են գեղանկարներ` Փիքասոյէն, Մաթիսէն, Մոնէէն, Կոկենէն եւ Ֆրոյտէն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES