Արուեստի Աշխարհէն. Լուսեղէն Քանդակներ

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԱՆ ԱՆՊԷՏ ԻՐԵՐԸ ԿԸ ԴԱՍԱՒՈՐԷ ԱՅՆՊԷՍ, ՈՐ ՊԱՏԻՆ ՎՐԱՅ ՅԱՏՈՒԿ ԼՈՒՍԱՐՁԱԿՈՒՄՈՎ ԿԸ ՍՏԵՂԾԷ ԽԱԲԿԱՆՔԻ ԵՒ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ ԱՇԽԱՐՀ ՄԸ: thisiscolossal.com, alafoto.com ԵՒ «ՀԱՖԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵՆ ՀՈԼԱՆՏԱՑԻ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ՏԻԹ ՈՒԻԿՄԱՆԻ ԵԶԱԿԻ ԱՐՈՒԵՍՏԸ:

«Դաւիթ»՝ երկու կողմէն դիտուած

Մօտեցէք Տիթ Ուիկմանի մէկ քանդակին եւ հաւանաբար պիտի անճրկիք` ի տես աղբի եւ անպէտ իրերու անոր պատահական մէկ համադրումին: Սակայն վառեցէք լոյս մը այս նոյն խառնակոյտին վրայ եւ յանկարծ ձեր դիմաց կը յայտնուի կատարելապէս ձեւաւորուած շուք մը. անմիջապէս կը ճանչնաք Մայքըլ Ճեքսընը, Միքելանճելոյի «Դաւիթ»ը, կամ` նոյնիսկ երկրագունդի մակերեսին հարազատ մէկ վերարտադրութիւնը, որ կ՛արտացոլայ մետաղէ ափսէէ մը: Այս արուեստագէտին ասպարէզը սահմանափակուած չէ շուքերով: Ան 50 տարուան ընթացքին աշխատած է կաւի տեսակներով եւ լուսանկարներով, իսկ լուսեղէն քանդակներ սկսած է շինել1980-ական տարիներուն: Անոր ստեղծագործութիւնները կը պարունակեն Արեւմուտքի տնտեսական ուռճացումի ժամանակներու բնորոշ սպառողականութեան վերաբերող պատգամներ: Տաղանդաւոր երկու այլ արուեստագէտներ` Թիմ Նոպըլ եւ Սիւ Ուեպսթըր եւս իրագործած են շուքով ստեղծուած քանդակներ, սակայն Ուիկմանի գործերը քիչ մը կը կանխեն զանոնք: Ուիկման միջազգային ճանաչումի արժանացած է իր զետեղման արուեստի գործերուն համար, որոնք մեզ կը հրաւիրեն այսպէս կոչուած սովորական իրերը դիտելու տարբեր ձեւով   (38 լուսեղէն քանդակներ կարելի է տեսնել` այցելելով Ուիկմանի պլոկը):

Հասցէ`<http://dietwiegman.tumblr.com/light%20sculptures>

 

«Ագահ սպառողականութիւն». յայտնապէս այս ափսէին մէջ ուտելիքը ձգուած է յատուկ ուշադրութեամբ…

«Վենիւսը` հրդեհուած»: Շուք մը, որ կը նմանի Միլոյի «Վենիւս»-ին, իսկ «քանդակը», որ լուսարձակուած է, կապ չունի հնադարեան արձանին հետ…

Մայքըլ Ճեքսընի «Պարող շուքը»:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES