Արուեստի Աշխարհէն. Երբ Ճորճ Պուշ Նուաճեց Իրաքը, Կեանքը Կապկեց Արուեստը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Ֆլորանսցի գեղանկարիչ Պեռնարտօ Տատտի 1340-ական տարիներուն գծած է «Աստուածամայրը եւ մանուկը` նուիրատուի մը հետ» գեղանկարը:
ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻ ԳԵՂԱՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԳՐԵԹԷ ԱՄԲՈՂՋ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՔՐԻՍՏՈՍ ՊԱՏԿԵՐՈՒԱԾ Է ԵՒՐՈՊԱՑԻԻ ԿԵՐՊԱՐՈՎ, ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՋԱՎԱՅՐԻ ՄԷՋ, ՇՐՋԱՊԱՏՈՒԱԾ` ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԵՐԵՒՈՅԹՆԵՐՈՎ ԵՒ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇՆԵՐՈՎ: ԱՅԼ ԽՕՍՔՈՎ` ԱՐԵՒՄՈՒՏՔՑԻՔ ՍԵՓԱԿԱՆԱՑՈՒՑԱԾ ԵՆ ՄԻՋԻՆԱՐԵՒԵԼՔՑԻ ՔՐԻՍՏՈՍԸ: ԱՍԻԿԱ ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ՉԷ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՑԱԾ ՑԵՂ, ՈՐ ՍԵՓԱԿԱՆԱՑՈՒՑԱԾ Է ԿՐՕՆԸ, ԻՐ ՊԱՏԿԵՐՈՎ ՊԱՇՏԱԾ Է ԻՐ ԱՍՏՈՒԱԾԸ: ԱՅՍՊԷՍ, ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻՆ ՆԱԵՒ ՍԵՒԱՄՈՐԹ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՊԱՏԿԵՐՆԵՐ: ՍԱԿԱՅՆ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏԱՀԻ, ԵՐԲ ԱՅՍ ՄՏԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ Կ՛ԱՐՁԱԳԱՆԳԷ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԵՒ` ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԿՈՉԵՐՈՒ: «ՎԵՐԱԾՆԱԾ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐԸ ՅԱՃԱԽ ՉԵՆ ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՐ, ԹԷ ԻՐԱՔ ՆԵՐԽՈՒԺԵԼՈՒ ԻՐԵՆՑ «ԱՍՏՈՒԱԾԱՏՈՒՐ» ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ ՔԱՅՔԱՅԵՑ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԱՄԷՆԷՆ ՀԻՆ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ», ԿԸ ԳՐԷ ՌՈՊԸՐԹ ՖԻՍՔ «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ` ԱՐԱՐՔԻՆ ԱՐՄԱՏՆԵՐԸ ՏԵՍՆԵԼՈՎ ՅԻՍՈՒՍԻ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՊԱՏԿԵՐՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ:
Ֆլորանսցի գեղանկարիչ Պեռնարտօ Տատտի 1340-ական տարիներուն գծած է «Աստուածամայրը եւ մանուկը` նուիրատուի մը հետ» գեղանկարը:
Անանուն եւ մանրակազմ նուիրատուն կանգնած` կ՛աղօթէ գեղանկարին վարը` շրջանակին մօտ, մինչ կոթողային կերպարով Աստուածամայրը պատկերուած է սեւ սրածայր գլխարկով եւ իր տափակ կուրծքը ծածկող վառ կարմիր ասեղնագործուած հագուստով: Ան գրկած է քիչ մը չարագուշակ աչքերով Քրիստոսը, որ իր կարգին բռնած է բաց կտուցով եկքանիկ (կոլտֆինչ) մը: Եկքանիկը` Վերածնունդի ժամանակներու բազմաթիւ թռչուններու պէս, ունի իր սեփական խորհրդանշական իմաստը: Անիկա փուշ կ՛ուտէ, հետեւաբար նախընթացն է այն փշեպսակին, որ Քրիստոս պիտի կրէր երեք տասնամեակ ետք:
Սակայն, ինչ որ ուշադրութիւնս գրաւեց, այն վարդագոյն կերպասն էր, որ հագած էր Քրիստոս, որովհետեւ անոր ծայրը արձանագրուած էր յայտնապէս արաբերէն գրութիւն մը: Գէթ այսքանը նկատեցի, որքան որ յաջողեցայ մօտենալ գեղանկարին, որ կը ցուցադրուի Օնթարիոյի Արուեստի պատկերասրահին մէջ, ուր մաս կը կազմէ «Վերածնունդի կանուխ ժամանակները յայտնաբերելով. պատմութիւններ եւ գաղտնիքներ` Ֆլորանսի արուեստին մէջ» ցուցահանդէսին: Այսինքն, մօտէն դիտուած, տառերը արաբերէն կը թուին ըլլալ: Թերեւս «Լա» մը արձանագրուած է, կամ նոյնիսկ` «Քաֆ» մը, սակայն տառերը որեւէ իմաստ չեն ստանար: Վիքթոր Շմիտթ ցուցահանդէսին վերաբերող իր նոթերուն մէջ զայն կը նկարագրէ իբրեւ «կեղծ արաբերէնի նման արձանագրութիւն մը»:
Ասիկա քիչ մը տարօրինակ է: Ֆլորանսցիները ծանօթ էին իսլամական աշխարհին: Տանթէ Ալիկիերի իր «Աստուածային կատակերգութիւն»-ի դժոխքի ութերորդ շրջանակին մէջ տեղադրած է Մոհամետ մարգարէն: Թէեւ խաչակրութիւնները իրողապէս վերջ գտած էին մէկուկէս դար առաջ, սակայն ֆլորանսցիք կը շարունակէին աշխուժ առեւտուրը Սուրիոյ մետաքս հիւսողներուն հետ: Իսլամական-քրիստոնէական հաւաքականութիւն մը կը շարունակէր ծաղկիլ Անտալուսի մէջ: Այսուհանդերձ, Պեռնարտօ Տատտի ձանձրոյթը չէր կրած իրական արաբերէն տող մը գրելու:
Այդ ժամանակներուն Ֆլորանսը Եւրոպայի տնտեսական ամէնէն հզօր կեդրոնն էր, ուր սեղանաւորներ եւ առեւտրականներ կարողութիւնը ունէին ապսպրանքներ կատարելու իրենց ժամանակներու մեծագոյն գեղանկարիչներուն, որպէսզի անոնք Աստուծոյ փառաբանանքը հիւսէին եւ մեղմացնէին դժոխքի կրակներուն մէջ այրելու իրենց վախը: Սակայն, թէեւ անոնք գիտէին, որ Յիսուս մահացած էր Երուսաղէմ անունով քաղաքի մը դիմաց, անդին` տարօրինակ կերպով Սուրբ Քաղաքին անոնց պատկերումները եւրոպական էին:
Ճիշդ է, արիւն կը յորդի այս գործերուն մէջ: Անիկա կը ժայթքէ Յովհաննէս Մկրտիչին վիզէն, կը հոսի Քրիստոսի կրած սուրի հարուածին վէրքէն, կը թափի խեղճ Ս. Ակաթայի վիրաւոր կուրծքերէն: Սակայն, մինչ այդ ժամանակներուն Միջին Արեւելքը տառապանքի վայր մըն էր, ինչպէս` այսօր, նոյնքան ալ տառապանքի վայր մըն էր Վերածնունդի ժամանակներու Եւրոպան: Ցցահան հրկիզումը, ճզմելով սպանութիւնը, գլխատումը, այս բոլորը մաս կը կազմէին միջնադարեան Եւրոպային:
Իսկ սաղաւարտակիր «հռոմէացի» զինուորները, որոնք Քրիստոսի կ՛ընկերակցին դէպի խաչելութիւն, ինչպէս պատկերուած է Փաչինօ տի Պոնակուիտայի «Տեսարաններ` Քրիստոսի կեանքէն» գեղանկարներու շարքին մէջ, յստակօրէն կը կրեն Վերածնունդի ժամանակներու իտալական բանակի մը յատուկ հանդերձանքը:
Աւանակներ եւ կովեր կը մրափեն մսուրներու մէջ, շուներ կը քնանան իրենց տէրերուն կողքին, սակայն ուղտեր չեն պատկերուած եւ ոչ ալ` անապատներ, ինչ որ հարցականներ կը ստեղծէ: Փաչինոյի «Աշխարհի ստեղծումը» գեղանկարին մէջ փիղ մը կը դիտէ Յիսուսը, կենսունակ եղնիկներու կողքին, մինչ երկինքը շատ հեռու է ջերմութիւն արձակելէ եւ պատկերուած է մութ կապոյտ երանգով: Ոսկի՛ն կ՛արտացոլէ Քրիստոսի փառքը եւ ոչ թէ` արեւը: Նման գործերու մէջ ծառերը մեծ մասամբ կոկիկ ձեւաւորուած իտալական եղեւնիներ են, այսինքն` եւրոպական ծառեր, եւ միայն երբեմն կը հանդիպինք կանկատունկի (քաքթիւս) տեսակներու, որոնք պատկերուած են ծայրամասերուն: Կառոյցները, ինչպէս կը տեսնենք, իտալական եկեղեցիներ են եւ քաղաքներ շրջապատող պարիսպներ:
Այլ խօսքով, պատկերուածը եւրոպականացած Քրիստոս մըն է, այնպէս` ինչպէս աւելի ուշ հոլանտացի հին վարպետները Յիսուսը պիտի տեղադրէին Հիւսիսային Եւրոպայի սառցապատ տարածքներուն եւ ցած երդիքով ախոռներուն մէջ: Ֆլորանսի գեղանկարներուն մէջ պատկերուած ժայռերը թերեւս կարելի է գտնել նաեւ հրէական անապատին մէջ, ինչպէս` Փաչինոյի «Յարութիւնը» գեղանկարին մէջ: Սակայն անոնց կարելի է հանդիպիլ նաեւ Ափենինեան լեռնաշղթային վրայ: Արդեօք ինքնին Վերածնունդի ժամանակաշրջա՞նն էր, որ Յիսուսը սահմանափակած էր աշխարհագրական եւրոպական ծիրի մը մէջ:
Ի վերջոյ առաջին խաչակիրները շատ լաւ ծանօթ էին իրական քարտէսագրութեան: Անոնց բերդերը, ներառեալ` այժմ քաղաքացիական պատերազմի վէրքերը կրած Քրաք տէ Շըվալիէն` այսօրուան Սուրիոյ մէջ, «եւրոպականացուցած» էին Միջին Արեւելքի ճարտարապետութիւնը: Այս բերդերուն մարտկոցներուն միջեւ երկար սողոսկելէ ետք, թէեւ գիտեմ, ոչ ակադեմական մօտեցումով մը յանգած եմ այն եզրակացութեան, թէ անոնք գոթական մայր տաճարներ են, յենարան-պատերու փոխարէն` պարիսպներով շրջապատուած:
Այսուհանդերձ, Վերածնունդի ժամանակներուն գոյութիւն ունէր վայր մը, որ կը կոչուէր «Քրիստոնէական աշխարհ», եւ որ վստահաբար Միջին Արեւելքի մէջ չէր: Այդ ժամանակներուն այսպէս կը կոչուէր արեւմտեան եւ կեդրոնական Եւրոպայի մեծ մասը. անիկա կը սկսէր այժմու Պոսնիոյ հիւսիսարեւմտեան տարածքներէն, Օսմանեան կայսրութեան սահմանագիծին երկայնքով:
Այլ խօսքով, Քրիստոս «մեզի» կը պատկանէր: Արդեօք անոր ոտքերը հին ժամանակներուն քալա՞ծ են Անգլիոյ կանաչապատ լեռներուն վրայ: Անշո՛ւշտ ոչ: Սակայն 18-րդ եւ 19-րդ դարերուն մենք այնքա՛ն պատշաճեցուցած էինք քրիստոնէութիւնը, որ Յիսուս նաեւ կրնար ծնած ըլլալ Անգլիոյ մէջ կամ` Ամերիկայի:
Հետեւաբար, անշո՛ւշտ, կը հասնինք Աստուծաշունչի Գօտին (անպաշտօն սահմանում մը, որ կ՛ընդգրկէ Միացեալ Նահանգներու հարաւարեւելեան եւ հարաւի կեդրոնական շրջանները, ուր առաւելաբար կը տիրէ պահպանողական աւետարանական բողոքականութիւնը: «Ա.») եւ կը հանդիպինք վերածնած քրիստոնեաներու, ինչպէս` Ճորճ Պուշ, որ յայտնապէս տակաւին չ՛անդրադառնար, թէ Իրաքը նուաճելու իր «Աստուածատուր» իրաւունքը ուղղակի պատճառ դարձաւ Միջին Արեւելքի ամէնէն հին քրիստոնէական մէկ հաւաքականութեան քայքայումին:
Այսպէս, Պուշ յաջողեցաւ իսլամական աշխարհին դէմ խաչակրական արշաւանքի մը կոչը ուղղել եւ խօսիլ Բարիի ու Չարի մասին` առանց անդրադառնալու, թէ իրեն համար, ինչպէս նաեւ` ֆլորանսցի գեղանկարիչներուն, Յիսուս կու գար Արեւմուտքէն եւ ոչ թէ` Միջին Արեւելքէն: Պուշ այսպէս յառաջ քշեց իր դատը. ոչ թէ` Միացեալ Նահանգներու սահմանադրութեան անունով, այլ` Աստուածաշունչի: Բայց ե՞րբ սկիզբ առաւ այս ամբողջը: Արդեօք կը համարձակի՞նք մեղադրել Ճիոթթոն (ուշ միջնադարու ֆլորսանցի գեղանկարիչ: «Ա.»):

