Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ Գոյնզգոյն Զատիկ

Չորեքշաբթի, 27 մարտ 2013-ին, Ս. Խաչ-Հարպոյեան  վարժարանի աշակերտները առաւօտուն դպրոց եկած էին խանդավառ մթնոլորտի մէջ` տօնական զգեստներով, մրցելու պատրաստ գունաւոր հաւկիթով, Զատկուան տօնը նշելու խանդավառութեամբ:

Օրը սկսաւ առաւօտեան Ս. պատարագով, զոր մատուցեց վարժարանին կրօնագիտութեան դասատուներէն, նորօծ վարդապետ հայր Ղազար Պետրոսեան: Աշակերտներուն համար իր ընծայած անդրանիկ Ս. պատարագին արտասանած իր քարոզին մէջ ան յիշեց այն օրերը, երբ տակաւին ինք ալ աշակերտ էր նոյն վարժարանին մէջ, ուր թրծուած էր հայկական եւ քրիստոնէական դաստիարակութեամբ: Վարդապետը շնորհաւորեց աշակերտները` Յիսուսի հրաշափառ յարութեան տօնին առիթով եւ մաղթեց, որ Քրիստոսի օրհնութիւնը միշտ իրենց հետ ըլլայ: Ս. պատարագի աւարտին վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան շնորհաւորեց նոր ձեռնադրուած վարդապետը եւ այս առիթով անոր նուիրեց շնորհաւորական յուշատախտակ մը: Աշակերտներն ալ, իրենց կարգին, իրենց շնորհաւորանքները փոխանցեցին իրենց ուսուցիչին եւ անոր յաջողութիւն մաղթեցին:

Եկեղեցիէն վերադարձին աշակերտները դպրոցի շրջափակին մէջ տօնական մթնոլորտ ապրեցան` հնչող երգերուն հետ երգելով, պարելով եւ խաղալով: Ապա, աշակերտները հաւկթախաղ կատարեցին, որմէ ետք իւրաքանչիւր դասարանի յաղթող իրարու դէմ մրցելով ի յայտ եկան 4 յաղթականներ, որոնք իրենց նուէրը ստացան տօնակատարութեան ընթացքին:

Տօնակատարութեան յայտագիրը պատրաստած էին 11-րդ դասարանի աշակերտները, որոնք երգով, հայկական, հնդկական, յունական եւ այլ պարով, դաշնակի եւ կիթառի վրայ նուագով, խաղերով ու կատակներով ճոխ մթնոլորտ ստեղծեցին, մինչ յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին «Արթց էնտ մելոն ինթըրթէյմընթ» ընկերութեան անդամները, որոնք զուարճացուցին աշակերտները եւ անոնց խանդավառութիւնը հասցուցին գագաթնակէտին: Անոնք հետաքրքրական խաղերով, մարդամեքենայի պարով, կրկէսային եւ այլ հաճելի ներկայացումներով զուարճացուցին բոլորը:

Աւարտին, տնօրէն Ռ. Պոյաճեան շնորհակալութիւն յայտնեց յայտագրի կազմակերպիչներուն, «Արթց էնտ մելոն ինթըրթէյմընթ» ընկերութեան անդամներուն եւ բոլոր մասնակցիներուն: Այնուհետեւ, ան շնորհաւորեց բոլորին Ս. Զատիկը եւ մաղթեց, որ մեր Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնը բոլորին բերէ խաղաղութիւն եւ բարեբեր օրեր:

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ         

Share this Article
CATEGORIES