Աւանակապատում
ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Կեանքը կը պարտադրէ, որ յաճախ վերյիշենք թրքական այն առածը, որ պիտի ըսէր` «Ուսումը տգիտութիւնը կը տանի, իշութիւնը առկայ կը մնայ»:
Ժողովրդական ընդարձակ պարէնին մէջ մի այլ օրինակ է սրտացաւ հօր այն խօսքը, որ որդւոյն կ՛ուղղէ. «Որդի՛ս, ես չէի ըսած, որ արքայ չես կրնար ըլլալ»:
Երկրի քաղաքական անցուդարձներն ու այդ բոլորին մէջ քաղաքական դերակատարներու վարքը ակամայ մեզ մատնեցին այս խորհուրդներուն:
Մեզ` սովորական մահկանացուներուս համար իրաւ արժանիք մը հանդիսացող «մարդկութիւն»-ը ինչո՞ւ շատ անգամ այսքան հեռու կը մնայ իբր թէ երկիրներ , ժողովուրդներ ղեկավարելու ելած մահկանացուներուն համար: Ի՞նչ կրնայ ըլլալ պատճառը: Արդեօ՞ք իրենց գտնուած բարձունքէն կը տարուին ու կը մոռնան, թէ մարդ են:
Պահ մը թողունք երկրին օրակարգը եւ յիշենք պատմութեան նոր կամ հին էջերը: Ինչպէ՞ս այդքան դիւրին պիտի ըլլար բազմահազար կեանքեր խլել, եթէ այդ հրամանը արձակողը պահ մը ուշքի գար ու մտածէր, որ ինք ալ հասարակ մահկանացու մըն է: Բայց ո՛չ, կ՛երեւի մարդկային բնազդի շեղեալ կողմերէն մէկն է, որ դիւրաւ պիտի այլասերի, երբ փոքր կամ մեծ իշխանութիւն մը ձեռք բերէ:
Վերադառնանք մեր օրերուն եւ դիտենք երկրի օրակարգը: Վարչապետ Էրտողան իր գերման պաշտօնակիցը ընդունեց երկրի կրօնական փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Այսպիսով առիթ ընծայեց, որ տիկին Մերքել անձամբ հաղորդակցի իրենց հետ եւ լսէ անոնց հարցերը: Բայց երբ ասորիներու եպիսկոպոսը խօսեցաւ իր վարած վանքին` Միտեաթի Մօր Կապրիէլին ենթարկուած անիրաւութիւններուն մասին, վարչապետը անհանգստացաւ. չկրցաւ հանդուրժել իր ներկայութեամբ կատարուած ընդվզումին: Քանի մը վայրկեան ետք ալ Հէյպելի կղզիի յունաց դպրեվանքի վերաբացման համար չվարանեցաւ փոխադարձ պահանջներ ներկայացնելու:
Այսպէս է տիրակալին հոգեբանութիւնը: Ինք անօրէն ու ապօրէն կը յափշտակէ, յետոյ վերադարձնելու համար ալ փրկագին կը պահանջէ: Այդ բոլորէն ետք եթէ վերադարձուց, այս անգամ ալ երախտիք, շնորհակալիք կ՛ակնկալէ: Յանկարծ եթէ յանդգնիս Հօճա Նասրէտտինի կորած իշուն պատմութիւնը յիշել, այս անգամ ալ ապերախտութեամբ պիտի մեղադրէ:
Միթէ պետական նախարար Էկեմեն Պաղըշի կեցուածքը տարբե՞ր էր, երբ Շուէտի մէջ կը յանդգնէր ասորի համայնքի ներկայացուցիչները գիջութիւն ընելով մեղադրել, պարզապէս, պարզապէս անոր համար, որ պահանջատէր են Սէյֆոնի, այսինքն` ասորիներու ցեղասպանութեան:
Աւելի չերկարենք սա տհաճ օրինակները եւ աւարտենք ժողովրդական մաղթանքով` «Էշ թող չըսեն, գէշ թող ըսեն»:
«Ակօս»

