Էնկին Արտըչ` Ոչ Իսլամներու Մասին. «Թող Վերադառնան. Բայց Դուք Ալ Անոնց Ձեռքէն Բռնեցէք»
«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»
«Սապահ»-ի սիւնակագիր Էնկին Արտըչ վերջերս իր սիւնակին մէջ անդրադարձած էր փոքրամասնութիւնները ետ կանչելու ուղղութեամբ կատարուած կոչերուն: Նշանաւոր յօդուածագիրը դիտել կու տար, որ չէր բաւեր միայն վերադառնալու կոչ ընել, պէտք էր նաեւ դիւրացնել անոնց վերադարձը, զանազան միջոցներով դիւրութիւններ ընծայել վերադառնալ ուզողներուն: Տրամաբանական այս մուտքէն ետք ան կարգ մը դիտողութիւններ ալ կ՛ընէր փոքրամասնութիւններուն հասցէին:
Արտընչ կ՛ընէր հետեւեալ խորհրդածութիւնը.
«Նորընտիր մշակոյթի նախարար Էօմեր Չելիքն ալ վերջապէս ըսաւ այն, ինչ որ մենք կ՛ըսէինք ասկէ առաջ շարունակ: Ան կոչ ըրաւ Թուրքիայէն հեռացած ոչ իսլամներուն եւ առաջարկեց, որ վերադառնան անոնք: Ըսաւ, որ վերադառնալ ուզողներուն պիտի օժանդակեն մեր դեսպանատուները: Զարմանալի է, որ ՃՀՓ կուսակցութեան նախագահի տեղակալներէն մէկն ալ, կէս բերան ալ ըլլայ, զօրակցեր է մշակոյթի նախարարին: Առ այժմ միայն զօրակցութեան պարապ խօսքեր կան, բայց եւ այնպէս ան աւելի լաւ է, քան թէ հակառակիլը: Այս կոչը անշուշտ այլեւս ուղղուած չէ 90 տարի առաջ գացողներուն եւ դուրսը արմատ արձակողներուն, այլ կ՛ուղղուի վերջին յիսուն տարիներու ընթացքին գացողներուն: Մասնաւորաբար յոյներուն:
1948-ին Իսրայէլի հիմնադրութեան օրերուն Թուրքիոյ մէջ շերիաթականներու զարթօնքէն խրտչելով` երկրէն խոյս տուած հրեաները կը վերադառնա՞ն: Չենք կարծեր:
Սփիւռքահայերը կը վերադառնա՞ն: Հատուցում ալ վճարէք, չեն վերադառնար:
Իսկ յոյնե՞րը: Նոյնիսկ եթէ ուզեն, կը վախնան: Անոնք հոս գալէ առաջ կ՛ուզեն վստահ ըլլալ, որ իսկապէս նոր Թուրքիա մը ծնունդ առած է: Անոնք կ՛ուզեն վստահ ըլլալ, որ այլեւս հակակշիռի տակ առնուած են այն ֆաշականները, որոնք կրնային չարիք գործել իրենց նկատմամբ: Պիտի սպասեն, որպէսզի վստահ ըլլան, որ վերադառնալէ ետք դարձեալ նոյն վերաբերումին պիտի չենթարկուին: Այսինքն կոչ ընելով` հարցը չի վերջանար: Պէտք է նիւթական զօրակցութիւն տալ: Եւ ատիկա ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ: Նախ` վերադառնալու համար դիմում կատարողները կայծակնային արագութեամբ պէտք է ընդունուին Թուրքիոյ քաղաքացիութեան, պայմանաւ որ պահուի նաեւ անոնց Եւրոպայի քաղաքացիութիւնն կամ յունական անցագիրը: Վերադարձողներուն ցած տոկոսով վարկեր բանալ, նոր գործ հաստատելու դիւրութիւններ ցոյց տալ: Եթէ պէտք ըլլայ, պետութիւնը պէտք է վերստին գնէ անոնց բռնագրաւուած կալուածները եւ յարմար գինով մը զանոնք վերադարձնէ վերադարձողներուն: Այլ խօսքով, վերադառնալ ուզողներուն պայման է ցուցաբերել մարդասիրական վերաբերում:
Այնուհանդերձ, հակառակ ամէն բանի, պիտի գտնուին տրտնջացողներ, գանգատողներ: Օրինակ, հիմա կարելիութիւն ստեղծուեցաւ, որպէսզի մեր ոչ իսլամ հայրենակիցներն ալ կարենան պետական պաշտօնեայ դառնալ, բայց դիմող չկայ: Այսինքն անոնք մէկ կողմէ պիտի լան` ըսելով, որ չեն կրնար պետական պաշտօնեայ ըլլալ, միւս կողմէ ալ պիտի դժուարանան հրաժարիլ առեւտուրէն ու յանձնուիլ պետական համեստ ամսաթոշակներու: Է՜հ, ի՞նչ ընենք, սիրելի եղբայր, մենք ալ հիմա կայսրութի՞ւն մը հիմնենք ձեզի գոհացում պատճառելու համար: Քիչ մը իրատես եղէք: Եթէ հոն օր մը ձեր երկիրը դարձեալ յոյն ֆաշականներուն ձեռքը կ՛իյնայ, դուք ալ կը ցաւիք, մենք ալ կը ցաւինք»:
* * *
Ինչպէս կը տեսնուի, Էնկին Արտըչ մէկ կողմէ կը շինէ, միւս կողմէ ալ դիտողութիւններ կ՛ընէ իր պաշտպանած ոչ իսլամներուն հասցէին:

