Եկեղեցիին Տեղ Մզկիթ Շինեցին
Տիարպեքիրի Քուլփ գիւղաքաղաքի մերձակայ Արկիւն գիւղին մէջ գտնուող հայոց պատմական եկեղեցին մզկիթի վերածուեցաւ: Ծրագիրը, որ նախապէս ալ օրակարգի վրայ եղած է, սակայն, մշակոյթի նախարարութիւնը չէր արտօնած նման փոփոխութեան: Անցնող եօթը տարիներու ընթացքին, սակայն, փլուզուած է նաեւ արդէն կիսափուլ եկեղեցւոյ կարեւոր մէկ մասը:
Այս մասին Արկիւն գիւղի Զօրակցութեան եւ իրերօգնութեան միութեան նախագահ Ֆահրի Ասլան «Ակօս»-ին տեղեկութիւններ փոխանցեց, թէ շրջանին ժողովուրդը հակազդած է այս շինութեան, բայց ան շարունակուած է «Կիւլեն» համայնքին զօրակցութեամբ: Ասլան յայտնեց նաեւ, թէ` «Եկեղեցին նախապէս կնքուած էր
Տիգրանակերտի յատուկ վարչութեան կողմէ, բայց Քերեմ Էմրէ եւ Մեհմեթ Էմին Թել անուն անձերը, վայելելով «Կիւլեն» համայքին ալ զօրակցութիւնը, փլցուցին եկեղեցին եւ տեղը մզկիթ կառուցեցին: Գաւառապետը եւ դատախազն ալ տէր կանգնեցան այս անձերուն: Շինութեան ժամանակ մօտակայ հայկական գերեզմանատունէն մարդոց ոսկորներ դուրս եկան: Տեսանք, որ ոսկորները աւելի ետք գետափը նետած են: Մենք դատ բացինք կատարուածներուն դէմ եւ կը սպասենք դատին արդիւնքը»:
Իսկ միւս կողմէ, «Կիւլեն» համայքին մօտիկ շրջանակներ ալ կը մերժեն այս պնդումները եւ եղելութիւնները կը վերագրեն գիւղի երկու ընտանիքներու միջեւ առկայ թշնամութեան:

