Տալու Երջանկութիւնը

Տ. Թ.

Պատահա՞ծ է, որ մտածած ըլլանք, թէ որքան երջանկութիւն կայ մէկու մը սրտանց բան մը տալուն մէջ եւ հասկնալ, թէ որքան աւելի մեծ երջանկութիւն կայ կարիք ունեցողին տալուն մէջ:

Մեր առօրեան յուզող ընկերային, տնտեսական, քաղաքական թէ այլ պայմանները պատճառ դարձած են, որ մեր կեանքը ընթանայ դժուար պայմաններու մէջ:

Մեր առօրեան դարձեր է շտեմարան` լսելու դպրոցէ զուրկ երեխաներու, անգործ հայրերու եւ երիտասարդներու, անտէր ծերերու, իրենց կեանքը դասաւորելու անկարող ընտանիքներու, վատառողջ մայրերու կամ ընտանիքի անդամներու, մոլութիւններով տառապող պատանիներու մասին լուրերու. տեղեկութիւններ, որոնք մէկ կողմէն կը մտահոգեն մեզ կը վիրաւորեն մեր հոգին եւ մեր ազգային ինքնութիւնը եւ, միւս կողմէ, կը տառապեցնեն մեզ այդ բոլորը դարմանելու անկարողութեան զգացումով:

Իրականութեան մէջ, կը կարծենք, որ անկարող ենք եւ ժամանակ չենք տրամադրեր փնտռելու եւ գտնելու երբեմն այն շատ պարզ եւ աննշան թուող, բայց օգտակար միջոցները, որոնց շնորհիւ կրնանք գոնէ մասամբ բարեփոխել այդ կացութիւնները` նոյն ատեն խաղաղեցնելով մեր հոգիները:

Լիբանանահայ օգնութեան խաչը, ժողովուրդին մէջ իր տարածուն գործունէութեամբ, ժողովուրդին հետ իր ամէնօրեայ ներկայութեամբ, կարողութիւնը ունի մեզ իրազեկ դարձնելու մեր գաղութի բոլոր դժուարութիւններուն մասին եւ լաւագոյնս ցոյց տալու այն միջոցները, որոնք կրնանք օգտագործել եւ, առօրեայ տագնապներէն դուրս գալով, պահ մը երջանիկ զգալ:

Կը բաւէ անդրադառնալ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի բժշկական ընդհանուր եւ մասնագիտական ծառայութիւններուն, առողջապահական նախազգուշական դասախօսութիւններու շարքերուն, հարիւրաւոր դպրոցականներու կատարուած յատկացումներուն, ժողովրդային դաստիարակչական հանդիպումներուն, ընկերային անհատական թէ խմբային օժանդակութիւններուն, ամառնային աւանդական Կազդուրման կայանին, «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանին դպրոցական երեխաներու համար ընծայած  դիւրութիւններուն, շաբաթը երկօրեայ դրութեամբ շուրջ երկու հարիւր կարիքաւորներու բաժնուող ճաշերուն, ամբողջ Լիբանանի տարածքին շրջանային թէ մասնաճիւղերու վարչական թէ յանձնախմբային կազմերու մէջ գործող կամաւոր ԼՕԽ-ականներու անսակարկ նուիրումին եւ, վերջապէս, ԼՕԽ-ի կառոյցի հաշուական թափանցիկ գործելակերպին եւ հասկնալ, որ այդ բոլորին համար ԼՕԽ-ը կարիքը ունի մեր բոլորի գործակցութեան:

Ահաւասիկ, շուտով կը սկսի «Օգնութեան Խաչի Օր»-ուան տարեկան հանգանակութիւնը, այն ոսկի առիթը, երբ մեզմէ ամէն մէկը, իր կարողութեան չափով մասնակցելով այդ հանգանակութեան, մեծ ու փոքր նուիրատուութեամբ կրնայ իր ներդրումը ունենալ բոլոր դժուար կացութիւններու հետզհետէ բարելաւման:

ԼՕԽ-ի կամաւոր եւ ժրաջան ընկերուհիները թակելու են բոլոր տուներուն ու հաստատութիւններուն դռները` խնդրելով մեր բոլորին նիւթական մասնակցութիւնը, լաւագոյնս կարենալ շարունակելու համար ԼՕԽ-ի առաքելութիւնը. սա իրենց պարտականութիւնն է, իսկ մեր պարտականութիւնն է տալ, սիրով տալ եւ մեր իրաւունքն է խաղաղեցնել մեր հոգիները եւ երջանկանալ, հաւատալով, որ տալու մէջ աւելի երջանկութիւն կայ, քան` ստանալուն մէջ:

Իրաւացի է այն փիլիսոփան որ կ՛ըսէ. «Տուէ՛ք ունեւորներ, ողորմութիւնը աղօթքին քոյրն է»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES